
Շաբաթ, 20 եւ Կիրակի, 21 Դեկտեմբեր 2025-ին «Լա Սաժես» սրահին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը կազմակերպեցին Համազգայինի «Գայեանէ» պալէի դպրոցի «Նաթքրաքըր» խորագրեալ պալէի ներկայացումը: Այս գեղեցիկ բեմադրութիւնը իրականութիւն դարձաւ «Գայեանէ» պալէի դպրոցի պարուսոյցներու` Ժագլին Սարխոշեանին եւ Կարէն Մակինեանին անխոնջ ու նուիրական աշխատանքով:
Վարագոյրի հանդիսաւոր բացումէն առաջ իսկ սրահին մէջ կը տիրէր խանդավառ ու ոգեւորիչ մթնոլորտ, ակնկալիքի քնարական շունչը համարեա կը շօշափուէր բոլորիս մօտ: Հազիւ «Գայեանէ» պալէի դպրոցի պարողներուն առաջին շարժումները յայտնուեցան բեմին վրայ, անմիջապէս ակնյայտ դարձաւ, որ ներկայացուողը սովորական ելոյթ մը չէր, այլ խորքային հանդիպում մը` հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան հետ, որ ծնունդ առած էր երկարատեւ, համբերատար եւ հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ:
