
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Թալին Խաչատուրեաններու եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու տնօրէնութեան, Կիրակի, 29 Յունիս 2025-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական դասարաններու աշակերտներու վկայագիրներու եւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական պատասխանատու Սամիկ Կարապետեան, որ նշեց, թէ դպրոցները հետեւողական եւ կազմակերպական բծախնդիր աշխատանքով կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, իսկ հանդէսը լաւագոյն առիթն է ամփոփելու անցնող մէկ տարեշրջանի գործունէութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը (խմբավար` Շողիկ Թորոսեան, դաշնամուրի նուագակցութիւն` Վերոնա Ռուսիալեան), որ ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեանի «Հայրենի կարօտ» ստեղծագործութիւնը: Ապա «Արեգ» թատերական դպրոցէն հինգ աշակերտներ ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Կիկոսի մահը» հեքիաթէն հատուած մը (ղեկավար` Սիլվա Սողոմոնեան), իսկ «Գայեանէ» պարի դպրոցի «Սեւան» պարային խմբակը` Արամ Խաչատուրեանի «Պեպոյի երգը» (պարուսոյցներ` Ժագլին եւ Կարէն Մակինեաններ):