
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, նախագահութեամբ երեսփոխան Յակոբ Թէրզեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Երկուշաբթի, 8 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու 2025-2026 տարեշրջանի աւարտական հանդէս եւ վկայականաց բաշխում:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները ունկնդրելէ ետք, բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական պատասխանատու Սամիկ Կարապետեան, որ դիտել տուաւ, թէ տարիներու ժրաջան աշխատանքէն ետք շրջանաւարտները բեմ կը բարձրանան` քաղելու իրենց աշխատանքին արգասիքը: Ան աւելցուց, որ դժուար պայմաններու եւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց, մեր հաստատութիւնը շարունակեց իր առաքելութիւնը եւ այսօր հպարտութեամբ կը վկայէ իր աշխատանքին արդիւնքը, իսկ ծնողները տեսնելով իրենց զաւակներուն յաջողութիւնը` կը պարծենան, որովհետեւ անոնք իրենց զաւակները առաջնորդած են Համազգային` ոչ միայն տեղեկութիւն ամբարելու եւ բարձրորակ կրթութիւն ստանալու, այլ նաեւ՛ հայկակա՛ն արժէքներուն հաւատարիմ մնալու ոգիով, կամքով ու յանձնառութեամբ թրծուելու: Կարապետեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որուն պատասխանատու մօտեցումով եւ այս կառոյցը ամէն գնով կանգուն պահելու վճռակամութեան ու ճիգերուն շնորհիւ` կարելի եղաւ տարեշրջանը հասցնել իր աւարտին:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:
