Նախագահութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու 2020-2021 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:
Նախքան հանդիսութեան սկսիլը, ներկաները սրահէն ներս վայելեցին Բարսեղ Կանաչեանի երգերն ու երաժշտական գործերը:
Հենրի Իշխանեանի կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեցին օրուան հանդիսավարներ Անժելինա Սարգիսեան եւ Յովիկ Գլընճիպաշեան: Անոնք նկատել տուին, թէ հակառակ մտահոգութիւններով եւ դժուարութիւններով լեցուն տարօրինակ տարեշրջան մը ըլլալուն, դարձեալ հաւաքուած ենք վայելելու Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու 2020-2021 տարեշրջանի հունձքը: Հանդիսավարները հանգրուանային ձեւով հանդիսատեսներուն ներկայացուցին գեղարուեստի դպրոցները: