
Երեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ․ եւ Հ․ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու ղեկավարներու 2023-2024 տարեշրջանի անդրանիկ հանդիպումը, ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ կրթական ու վարչական տնօրէններուն։
Հաւաքի ընթացքին քննարկուեցան կրթական ծրագիրները, համակարգումի եղանակները եւ նոր աշխատելաոճը։ Հանդիպումին շեշտուեցաւ, որ գործունէութեան գլխաւոր առանցքը պէտք է ըլլայ Արցախը՝ արուեստին ճամբով զօրակցելու Արցախի հայութեան։
Մասնակիցները հաստատեցին ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ ճիգերու մէկտեղումով ապահովել դպրոցներու գործունէութեան շարունակականութիւնը։ Գեղարուեստի դպրոցներու ղեկավարներու հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ հաւաքաբար մտածելու նոր կարելիութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու մասին։