Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար դատախազ Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Երեքշաբթի, 25 Յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2023-2024 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը` ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներու, նախկին նախարարներու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, տիկին Ցոլինէ Խաչատուրեանին, տէր եւ տիկին Հրայր եւ Թալին Խաչատուրեաններուն, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները հայակերտման կեդրոններ են, որոնք արուեստի կողքին կ՛արմատաւորեն հայկական ինքնութիւնը, որպէսզի ապագային դառնան մշակութային գործիչներ, որոնք բարձրագոյն ուսումով եւ միութենական ծառայութեամբ պիտի ապահովեն աշխատանքին շարունակականութիւնը: Անդրադառնալէ ետք Գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութեան, Հարպոյեան ըսաւ. «Մօտաւորապէս 840-ի հասնող մանուկ, պատանի եւ երիտասարդ սերունդներ` տղաք ու աղջիկներ, հայ մշակոյթի շունչով համախմբուելու երեւոյթը արդէն ինքնին հիմնական նուաճում մըն է ու գօտեպնդող երաշխիք, որուն համար Համազգայինը երկար տարիներէ ի վեր իր կարելին ի գործ կը դնէ` նուիրեալ աշխատանքի կողքին, մասնագիտական մօտեցումի ընկալումով եւ հայրենիքի հետ մշակութային կապեր ու յաւելեալ սերտացումով մեր կեանքին մէջ ծաւալելու մշակութային ողջունելի աշխատանք եւ դերակատար դառնալու նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորման ու մեր հոգեմտաւոր արժէքները անոնց մէջ արմատացնելու առաքելութեան կիրարկման գործընթացին մէջ»: Ան նշեց, որ 2023-2024 տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու շրջանաւարտները անուանուեցան «Սուրէն Սարգիսեան» եւ «Անդրանիկ Մսըրլեան» սերունդ: Իր խօսքը եզրափակելով` Մ. Հարպոյեան նշեց, որ «Լոյսով` լոյսին» Համազգայինի նորաստեղծ նշանաբանը անպայմանօրէն ճամբայ պիտի հարթէ իւրաքանչիւր հայու գիտութեան, կրթութեան ու մշակոյթի նոր վերելքներու ու սլացքներու` զարգացած հայ հասարակութիւն մը պատրաստելու նպատակով, եւ պիտի պատրաստուին զարգացած սերունդներ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան շարունակելու նախորդներուն ուղին եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու` իրենց ետին ձգելով անտարբերութիւնն ու կեանքը միայն ժամանակակից վայելքներու մէջ տեսնելու երեւոյթները: