
Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքին՝ Կիրակի 18 Սեպտեմբեր 2022-ի հաւաքին նիւթն էր բանաստեղծ, ուսուցիչ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ՝ Վահան Թէքէեան։
Հաւաքը սկսաւ «Եկեղեցին հայկական» երգի տեսահոլովակով։ Թէքէեանի կեանքին եւ ստեղծագործութեան մասին ներկայացուցին հինգ համազգայնական երիտասարդներ, մերթ ընդ մերթ բանաստեղծութիւններէն արտասանելով։
Հանդիսավարութիւնը կատարեց Աննա Մարիա Մուպայէտ. Հայրենիքի մէջ տիրող իրավիճակին անդրադառնալով, ան նշեց թէ որքան թարմ կը հնչեն այսօր Թէքէեանի տողերը երբ ան դար մը առաջ կը գրէր «Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ»։ Ստեղծագործութիւններուն եւ խմբագրական գործունէութեան անդրադարձաւ Կապրիէլլա Պաթիկեան. ներկաները իր մեկնաբանութեամբ լսեցին «Բարձրացում» եւ «Մէկ հատիկս» քերթուածները։ Ռիթա Խաչոյեան փոխանցեց Յակոբ Օշականի, Պօղոս Սնապեանի եւ Մուշեղ Իշխանի յուշերէն ու վկայութիւններէն պարբերութիւններ։ Խմբակին վերջերս միացած Շանթ Տէօքմէճեան ասմունքեց «Ես սիրեցի» եւ «Պիտի իյնաս» քերթուածները, իսկ Ալիք Պապօղլեանի մեկնաբանութեամբ ներկաները լսեցին «Քու յիշատակդ այս գիշեր» եւ «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութիւնները։
Իւրաքանչիւր ներկայացնողի կ՚ընկերակցէին համապատասխան լուսանկարներ եւ գրութիւններ մեծ պաստառի վրայ։ Հաւաքին ընթացքին նաեւ Հայադարան ծրագրէն հակիրճ բաժին մը ցուցադրուեցաւ, ուր Թէքէեանի կեանքէն առնուած հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցուեցան։
Հաւաքը իր աւարտին հասաւ «Լեզուն որով գրեցի» քերթուածով, մեկնաբանութեամբ՝ Աննա Մարիա Մուպայէտի։ Հինգ գրասէրները արժանացան ներկաներու բարձր գնահատանքին եւ գիրքեր ստացան Համազգայինի Գրական յանձնախումբին կողմէ։