Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Ս․ Ծննդեան տօնին նուիրուած, «Աշխարհին խաղաղութիւն» խորագիրով, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Էշրէֆիէի Նոթր Տամ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի համերգը, ներկայութեամբ մեծաթիւ հայ եւ օտար հանդիսատեսներու եւ խմբավարութեամբ մայսթրօ Գրիգոր Ալոզեանին։
Երգչախումբին դաշնակով կ՛ընկերակցէին Համազգայինի «Բ․ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցչուհի Յասմիկ Գասպարեան եւ աշակերտ Քէվըն Եուսոֆ։ «Գուսան» երգչախումբին մենակատարումով միացաւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան։