
Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներու շարքին՝ «Հայու հոգին» վերնագիրը կրող հաւաքը տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին պատանի եւ երիտասարդ գրասէրներ Մոսիկ Տանատեան, Լարա Տէր Մինասեան, Ժպիտ Քէշիշեան, Էլենա Ֆարաճեան, Կապրիէլլա Պաթիկեան, Անի Խաչատրեան, Հայկ Յարութիւնեան, Ալիք Պապօղլեան, Շանթ Տէօքմէճեան եւ հանդիսավար՝ Ռիթա Խաչոյեան, ներկայացնելով հայրենիքէն եւ սփիւռքէն հեղինակներու գործերէն համադրում մը։ Նուագներով իրենց մասնակցութիւնը բերին Հրակ Գարամարտեանն ու Սեյրան Ղազարեանը։ Աւարտին, Համազգայինի Թորոնթոյի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ Արմինէ Թորիկեան Գրատարածէն հայթայթուած գիրքեր նուիրեց մասնակցողներուն։ Հաւաքներու շարքը կ՚առաջնորդէ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանը։