Համազգայինի Գ. Մշակութային Երեկոն տեղի ունեցաւ 20 Դեկտեմբեր 2017-ին, ամանորեան մթնոլորտի մէջ ու 70 հոգիի աննախընթաց ներկայութեամբ:
Յայտագիրը սկսաւ Արթօ Դաւիթեանի «Ամանորը Հին Հայաստանի» եւ Արտամետի խնձորին մասին կտորներուն ընթերցումով, որուն յաջորդեց Յարութ Թահմազեանի զուարճախօսութիւը՝ կիներու մասին:
Ապա Նառա Սարդարեան ներկայացուց հայրենի երգահան Արթուր Գրիգորեանի կեանքն ու գործը մէջ ընդ մէջ հատուածներ ներկայացնելով անոր յօրինած կտորներէն ու հարցազրոյցներէն:
Երեկոն փակուեցաւ օրուան անակնկալով, երբ ելոյթ ունեցաւ Նառա Սարդարեանի ջանքերով ու յատկապէս այս առիթով կազմուած նուգախումբն ու երգեցիկ խումբը, որոնք կատարեցին նոր տարիին նուիրուած արդի հայերէն երգեր, ուրախ ծափահարութիւններ խլելով ներկաներէն:
Նուագախումբը կը բաղկանար Հրաչեայ Զաքարեանէ (կիթառ), Կարէն Զարդարեանէ (պաս կիթառ), Վահէ Զաքարեանէ (հարուածային գո-ծիքներ) եւ Նառա Սարդարեանէ (դաշնակ): Իսկ երգեցիկ խումբը՝ Եւա Յարութիւնեանէ, Լուսին Նահապետեանէ, Արազ Մանուշեանէ, Սոնա Սարաճեանէ եւ Սոֆի Էբրալիձէէ: