Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Ուրբաթ, 11 Օգոստոս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի արուեստ ամառնային ծրագիր 3»-ի հանդէսը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդէսին բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան: Ան նկատել տուաւ, որ Համազգայինի ամառնային դպրոցի ծրագիրը կը տարբերի միւս դպրոցներէն, որովհետեւ զուտ մշակութային դպրոց է` արուեստ ջամբող, արուեստ ներկայացնող: Դասացուցակը կը պարունակէր` ձեռային աշխատանք, հիւսք, մոզայիք, մոմ, երգ, պար, թատրոն, գծագրութիւն, կաւ, դաստիարակչական խաղեր, դասախօսութիւններ: