
Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը (Եութլինքս) տեղի ունեցաւ 3, 4 եւ 5 Նոյեմբեր 2023-ին՝ Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին մէջ:
Հաւաքուած էին աշխարհի տարբեր անկիւններէն 10 ուսանողներ (Արցախ, Պոլիս, Փարիզ եւ Մարսէյ), նախ իրարու ծանօթանալու, մտերմիկ ու հարազատ մթնոլորտի մէջ միասին քանի մը օր անցընելու, ապա հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն վերաբերող հետաքրքրական աշխատանոցներու մասնակցելու։
Առաջին օրը մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի պատմութեան, Մարսէյի Ճեմարանի տնօրէն Շաքէ Ժամկոչեանի հետ շրջագայեցան Ճեմարանի զանազան բաժանմունքները, ինչպէս նաեւ արդիական մարզամշակութային համալիրմէջ։ Ապա այցելեցին Պոմոնի հայկական Սուրբ Գրիրգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր զիրենք դիմաւորեց եկեղեցւոյ հովիւ տէր Արշէն քհնյ. Մովսէսեանը եւ ներկայացուց Մարսէյի հայ գաղութին պատմութիւնը։ Տէր հօր ընկերակցութեամբ, մասնակիցները անցան «Ապրիլ 24» կոչուող փողոցէն, ապա այցելեցին Եղեռնի յուշակոթող եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։
Կէսօրէ ետք մասնակիցները այցելեցին ԱՐԱՄ (Association Pour La Recherche et L’archivage de la memoire Arménienne) արխիւային կեդրոնը, ծանօթացան կեդրոնի պատմութեան, կատարած աշխատանքներուն, որմէ ետք Editions Parentheses հրատարակչատուն այցելելով՝ Հուրի Վարժապետեանի ղեկավարութեամբ ծանօթացան հրատարակչատան աշխատանքներուն եւ հրատարակուած գիրքերուն։
Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական հաւաքի 2-րդ օրը սկսաւ «Հայ երաժշտութեան պատմութիւն» աշխատանոցով։ Այս առիթով Փարիզէն հրաւիրուած էր երաժիշտ Մարինէ Կիւլիւմեանը։ Մասնակիցները սորվեցան «Ապրելու ենք» երգը (խօսք՝ Կարէն Խուրշուդեան, երաժշտութիւն՝ Մարինէ Կիւլիւմեան)։
Ապա տեղի ունեցաւ Հայկական պարի աշխատանոցը, որուն դասախօսն էր Լոնտոնէն հրաւիրուած պարուսոյց եւ հայկական պարերու մասնագէտ Շաքէ Մէյճըր-Չիլինկիրեանը։ Հայկական պարարուեստի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, Ապա միասնաբար պարեցին «Շորոր» (Կոմիտաս), «Ախ, գարուն է» մանկական երգ-պար, «Ծանր Կովնտ Գողթն» եւ «Գողթն Մանկտի» մեղեդիներուն ներքոյ։
Ճաշէն ետք խումբը ուղղուեցաւ դէպի Մարսէյի տեսարժան վայրեր՝ այցելելով «Նոթրը եկեղեցին, Մարսէյի նաւահանգիստը, պալատը եւ շուկան։
Երեկոյեան «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ խումբին միացան Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի հայերէն լեզուի ուսուցիչները, եւ ազգային ու հայրենասիրական երգերով ու պարերով վերջ գտաւ օրը։
Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական հաւաքի 3-րդ օրը սկսաւ Պելճիքայէն հրաւիրուած Կարին Կէօքճեանի «Լեզուներ, բառեր, տառեր» աշխատանոցով։ Կարինը հետաքրքրական մօտեցումով մասնակիցներուն բացատրութիւններ տուաւ հայոց գիրերուն եւ անոնց գործածութեան մասին, եւ ներկաները գործնական աշխատանքով կազմեցին գիրքի կողքի մը ձեւաւորումը։
Ճաշէն ետք տեղի ունեցաւ «Արցախը եւ մենք» նիւթով աշխատանոցը՝ ղեկավարութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, Փարիզէն հրաւիրուած Անահիտ Ակօբեանի։
Ապա մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Մարսէյի Համազգայինի «Քուրան տար»-ի կազմակերպած հանրային դասախօսական երեկոյին, որուն նիւթն էր Արցախը եւ մենք, դասախօսն էր Փարիզէն հրաւիրուած Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Անահիտ Ակօբեան, իսկ հեռակապով` Արցախի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Գեւ Իսքէճեան, որոնք ներկայացուցին այսօրուան վիճակը։ Ապա ներկաները հարցումներով լուսաբանուեցան։ Ձեռնարկի աւարտին եութլինքսի խմբակի անդամները իրենց պարուսոյցի` Շաքէի գլխաւորութեամբ պարի հրաւիրեցին ներկաները, յուսահատութիւնն ու ընկճուածութիւնը վերածելով պայքարի եւ հաւատքի, մեր մշակոյթով պիտի ապրինք լոզունգով։ Ներկաները միասնաբար պարեցին «Կոմիտասի Շորոր»ը։
Վերջին ընթրիքը, Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին մէջ, եկաւ ջերմ եւ ընկերային մթնոլորտով փակելու եռօրեայ հաւաքը։