«Ազդակ Օրաթերթ».- Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին, Երկուշաբթի, 22 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու հեռուսուցման խտացեալ եռամսեայ ծրագիրի մասնակիցներու ծանօթացման հանդիպում: Հանդիպումին ներկայ էին Համազգայինի Շրջանային վարչութենէն անդամներ եւ մասնակիցներ:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան ըսաւ, թէ ծրագիրը նպատակ ունի ապահովել մասնագիտական կրթութիւն հեռուսուցման համակարգով, ապա ներկաները համացանցային տեսահանդիպում մը ունեցան Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին հետ: Ան մանրամասն ներկայացուց ծրագիրին, դասընթացքին եւ քննութեան մասին բոլոր անհրաժեշտ տեղեկութիւնները: Ներկաները առիթ ունեցան լուսաբանական հարցումներով դիմելու դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին: Հանդիպումի աւարտին ներկաները ամբողջացուցին մասնակցութեան դիմումը: Նշենք, որ դասընթացքը պիտի սկսի 1 Մարտ 2016-ին: