
Ե-ֆորումը առցանց ծրագիր մըն է, որուն կրնան մասնակցիլ զանազան երկիրներէ հայեր, եւ «Զում»-ի միջոցով տեղի պիտի ունենայ 11 եւ 18 Յուլիս 2021-ին:
Աշխարհի զանազան անկիւններէն խմբուած երիտասարդները առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու Արցախ աշխարհի հայկական մշակութային զանազան արժէքներուն եւ Ազրպէյճանի կողմէ անոնց հանդէպ կիրարկուած շարունակական ոչնչացման, ջնջման եւ իւրացման քաղաքականութեան: Նիւթերը պիտի ներկայացուին մասնագէտներու կողմէ` Արցախէն եւ սփիւռքի զանազան երկիրներէ: Նախատեսուած է նաեւ հարց ու պատասխանի բաժին:
Ե-ֆորումի առաջին օրը` 11 յուլիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:45-էն 7:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), դոկտ. Կարին Փափազեան- Զոհրապեան պիտի ներկայացնէ «Պատերազմ, համաճարակ եւ վերապրում` հայ երիտասարդութեան հոգեբանական մարտահրաւէրները» նիւթը, իսկ երեկոյեան ժամը 8:00-էն 9:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), դոկտ. Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփաու եւ Սիմոն Մաղաքեան պիտի ներկայացնեն «Հայկական յուշակոթողային ժառանգութիւն. պահպանում եւ բնաջնջման քաղաքականութիւն» նիւթը:
Ե-ֆորումի երկրորդ օրը` 18 Յուլիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:45-էն 7:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), արցախցի բանաստեղծ եւ գրող Հերմինէ Աւագեան պիտի ներկայացնէ «Գրականութիւնը Արցախի պատերազմի ընթացքին» նիւթը, իսկ երեկոյեան ժամը 8:00-էն 9:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Վարդան Ասծատրեան (Շուշիի գորգերու թանգարանի հիմնադիր) եւ Հրաչ Կէօզիւպէօյիւքեան (Հայկական գորգերու ընկերութեան նախագահ) պիտի ներկայացնեն «Գորգագործութեան արուեստը` Արցախի հայկական ինքնութեան վկայութիւն» նիւթը:
Նշենք, որ մասնակցութիւնը անվճար է, արձանագրուիլը ստորեւ նշուած կապով` նախապայման:
https://hamazkayinforum.org/register/