
Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ամսուան մէջ, Յունաստանի Համազգայինի կողմէ իրագործուած «Զարթօնք» հերոսական վէպի թատերականացուած ներկայացումը պայքարի հրաւէր մը հանդիսացաւ, յատկապէս սերունդներուն համար վէպի առթած վսեմագոյն գաղափարներու ու հայ ազատագրական պայքարի ոգիին մարմնաւորումը արտայայտող իր կոչական ուժգնութեամբ։
Կիրակի, 13 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Համազգայինի «Ա. Գազանճեան» թատերախումբը, բեմադրութեամբ Յակոբ Պարսամեանի եւ մասնակցութեամբ հին ու երիտասարդ ուժերու, «Զարթօնք»-ը վերածեց զարթնումի հրաւէրի, բոլոր հանդիսատեսները համակելով հայոց լեռներու ու հայու արեամբ ոռոգուած հողին անժամանցելի խորհուրդներով։
Հայ ազատագրական պայքարի երգը հիւսած Մալխասի «Զարթօնք» հսկայածաւալ երկը, թատերականացուած Կարապետ Գալֆայեանի կողմէ եւ յաջողապէս յունարէնի թարգմանուած Սերգօ Աղապատեանի կողմէ, Քալիթէայի «Իզոլա» թատերասրահի բեմին վրայ, խիզախ հնչումներով համակեց բոլորին սիրտերը եւ յիշեցուց, թէ հայութեան ներկայ իրավիճակը կարիքը ունի վերաիմաստաւորուելու արութեան գործերու երեւումով ու իրաւունքի ձեռքբերման աննկուն կամքով։