Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան «Զուարթնոց» Երգչ. Միաւորի Վարչութեան, Կիրակի, 10 Մարտ 2024-ին, «Զուարթնոց»-ը բեմ բարձրացաւ ընտրեալ երգերով, ճոխ յայտագիրով ու երաժշտական գանձարանի արժէքներով ջերմացուց հալէպահայ հանդիսատեսին սիրտն ու հոգին, վաստակաւոր խմբավար մայսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի խմբավարութեամբ եւ նոյնքան վաստակ ու ծառայութիւն ունեցող դաշնակահար Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։
Համերգը, որ տեղի ունեցաւ «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ, կը վայելէր ներկայութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Ա. Քահանայ Տատաղլեանի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեանի, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեանի, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան 14-րդ խումբի հրամանատար Դաւիթ Յարութիւնեանի, Պատկան Մարմինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեանց, Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչներու, հայր սուրբերու, Ազգ. Վարչութեան, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ երաժշտասէր հանդիսականներու։
Բացման հայերէն եւ արաբերէն խօսքերով Սարգիս Սարգիսեան ըսաւ, որ Համազգայինի «Զուարթնոց» եդգչախումբը եղած է այն օճախը, ուր վառ պահուած է հայ երաժշտութեան բոցը։ Այսօր, հակառակ երկրի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, «Զուարթնոց» երգչախումբը կը ջանայ խտացնել իր շարքերը՝ այն խոր համոզումով որ հանդիսատեսը իր առօրեայ մտահոգութիւնները մէկդի դրած սրտի զեղումով պիտի ըմբոշխնէ մեկնաբանուած դասական ու ժողովրդային երգերը։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավարին, դաշնակահարին եւ երգչախումբի անխոնջ երգողներուն, որոնք, կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ ապրելով մէկտեղ, փորձերու մշտական ներկայութեամբ յաջողեցան բեմ բարձրանալ։