
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ երաժշտական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, մասնաճիւղի էսդրատային նուագախումբը հանդէս եկաւ երկու ելոյթներով։ Համերգները տեղի ունեցան Շաբաթ, 2 եւ Կիրակի, 3 Մայիս 2026-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս:
Հայերէն բացման խօսքով Լիլիթ Ժամկոչեան յայտնեց, որ հայ երգը մեր ժողովուրդի հոգիին ձայնն է ՝ ծնած դարերու խորքէն եւ հասած մինչեւ մեր օրերը։ Երգին մէջ մենք կը գտնենք մենք մեզ, կը զգանք մեր պատկանելիութիւնը եւ կը վերագտնենք այն ուժը, որ մեզ միասնական կը պահէ։
Սեզա Ժամկոչեան արաբերէն բացման խօսքով անդրադարձաւ «Էսդրատա» բառի իմաստին, պարզելով, որ անիկա փոխառուած է ռուսերէնէ եւ կը նշանակէ բեմ կամ հարթակ։ Այսպիսով, էսդրատային երաժշտութիւնը այն արուեստն է, որ յատուկ մշակուած է բեմական ներկայացումներու համար, նպատակ ունենալով հանդիսատեսին պարգեւել հաճելի ու անմոռանալի պահեր։
Յայտագիրը կը ներառէր տարբեր ժամանակներու հայ եւ օտար երգեր, որոնք փայլուն կերպով հնչեցին երիտասարդ նուագողներու եւ երգիչներու կողմէ։
Մենակատարները ընտրուած էին այնպէս, որ իրենց ձայնը լաւագոյնս համապատասխանէր իւրաքանչիւր երգի ոճին: Համերգի ընթացքին իւրաքանչիւր նուագող առիթ ունեցաւ երաժշտական որոշ նախադասութիւններ առանձին նուագելու եւ ցոյց տալու իր գործիքին կարելիութիւնն ու իր կատարողական հմտութիւնը:
Յայտագիրի ընթացքին, հանդիսավարներ Լիլիթն ու Սեզան իւրաքանչիւր կատարումէ առաջ կը ներկայացնէին երգերուն նախապատմութիւնը։ Անոնց փոխանցած տեղեկութիւնները աւելի ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահէն ներս՝ հանդիսատեսին թոյլ տալով լաւապէս ըմբռնելու եւ ապրելու իւրաքանչիւր երգին ստեղծած մթնոլորտը:
