
Համազգայինի «Ա. Գազանճեան» թատերախումբը հանդէս եկաւ 3 տարբեր կատակերգութիւններով, որոնք իրենց ներկայացման ոճով եւ երիտասարդ դերասաններու յայտնութեամբ բեմին վրայ, բացառիկ խանդավառութիւն ստեղծեցին թատերասէր հանրութեան։
Ուղիղ տարի մը առաջ, թատերական խումբը ներկայացուց Մալխասի «Զարթօնք»-ը յունարէն թարգմանութեամբ եւ արդէն լաւ տպաւորութիւններ թողեց հանրութեան։ Այս անգամ, կարգն էր զաւեշտախառն ներկայացումներուն, որոնք խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին ներկաներուն մօտ։
Կիրակի, 17 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, Քալիթէայի «Իզոլա» թատերասրահը ընդունեց հայրենակիցները, որուն մուտքին արդէն Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամները պատշաճ ընդունելութիւն կը կատարէին։ Գեղատիպ յայտագիրը բաժնուեցաւ բոլորին. անոր մէջ տեղ գտած էին ներկայացուող կտորներուն նկարագրականները եւ դերասաններուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։
Ներկայ եղան Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի եւ Հ.Կ.Խաչի ներկայացուցիչները։ Ներկայացման մեկնարկին, ընկ. Ալիս Ֆուրունճեան ամփոփ ներկայացուց թատերական գործունէութեան բաժինները, զարկ տալով երկարամսեայ փորձերուն ու պատրաստութեան։
Օրուան յայտագիրը բաժնուած էր երեք տարբեր կարճ ներկայացումներու, որոնց մասնակցեցան մեծ թիւով դերասաններ եւ խլեցին խանդավառ ծափահարութիւններ։
Առաջին կատակերգութիւնը Անտոն Չեխովի «Ամուսնութեան առաջարկը»-ն էր, զոր ներկայացուցին Ժանօ Պարտաքճեան, Անայիս Բարսեղեան եւ Նշան Սաւուլեան։ Ռուսական հին կեանքէն առնուած զուարճալի պատմութիւն մը, որ զաւեշտական եւ իրարու փորձանքներ ստեղծող երկխօսութիւն մըն էր, անվերջ զուարճացնելով հանդիսատեսը։ Երեք դերակատարներն ալ, իրենց դերերը լաւապէս իւրացուցած, պարգեւեցին ուրախ պահեր եւ ստացան երկար ծափահարութիւն։
Յաջորդ ներկայացումը դարձեալ Չեխովի ստեղծագործութիւն մըն էր՝ «Արջը» խորագիրով, որուն մենակատարները հանդիսացան Յակոբ Պարսամեան, Սառա Միսաքեան եւ Ժագ Տամատեան։ Բոլոր դերասանները հայ բեմին վրայ արդէն փորձառութիւն ձեռք ձգած անձեր են, այսպէս, իւրաքանչիւրին ներկայութիւնը ինքնավստահ եւ լաւապէս արտայայտուած դերերու մարմնացումն էր, որ անվերջ ծիծաղի ալիքներ ստեղծեց հանդիսատեսին մօտ։
Վերջին կատակերգութիւնը՝ Տիմիթրիս Փսաթասի «Կապոյտ կրիան» իր սրամիտ ու քրքջալի երկխօսութիւններով, երկար ծիծաղ ու խնդուք պարգեւեց ներկաներուն։ Այս անգամ դերասաններու խումբը ամէնէն ընդարձակը ըլլալով, տարբեր երկխօսութիւններ, յաջորդական տեսարաններ ու անսպասելի ընթացք մը ստեղծեց ներկայացման հոսքին մէջ։ Բեմին վրայ երեւցան Թամար Մինասեան, Սարգիս Մինասեան, Նշան Սավուլեան, Մարօ Մաթեան, Ալպերթ Մարտիկեան, Ծիլա Թութուշեան, Նարինէ Կմբիգեան եւ Կարէն Խաչերեան։ Հոս եւս Համազգայինի թատերականին մէջ վաստակ ունեցող դերասաններուն կողքին, երիտասարդներու երեւումը տարբեր շունչ մը տուաւ ծիծաղով լեցուն ներկայացումին։
