
Երգը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին անբաժանելի մասն է եւ սերունդներ միացնող անտեսանելի կամուրջ մը, որ կը պահպանէ մեր յիշողութիւնը, ինքնութիւնն ու ազգային ոգին։ Երբ մանկական անապակ ձայներն ու հասուն երգեցողութեան հնչեղ մեղեդիները կը միախառնուին նոյն բեմին վրայ, կը ծնին այնպիսի պահեր, որոնք կ'անցնին սովորական համերգի սահմաններէն եւ կը վերածուին մշակութային ու հոգեւոր տօնի։ Այդպիսի անմոռանալի երեկոյ մըն էր Համազգայինի «Հայ աստղեր» եւ «Գուսան» երգչախումբերուն «Թեւածող երգեր» խորագիրով տարեկան համերգը:
6 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Թորոնթոյի «Համազգային»-ի հայ երիտասարդական կեդրոնի սրահը վերածուած էր երաժշտութեան ու հոգեւոր բերկրանքի իսկական տաճարի մը։ Համազգայինի «Գուսան» եւ «Հայ աստղեր» երգչախումբերուն տարեկան համերգը համախմբած էր երաժշտասէր բազմութիւն մը, որ եկած էր վայելելու հայ երգն ու մշակոյթը:
Այդ երեկոյ երգերը պարզապէս չէին հնչեր. անոնք կը թեւածէին սրահին մէջ, կը սահէին ներկաներու հոգիներէն ներս, կը շօշափէին սրտերու ամենանուրբ լարերը եւ կը վերարծարծէին յիշողութիւններ, կարօտներ ու հպարտութիւններ։ Հմուտ խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի ղեկավարութեամբ բեմ բարձրացած «Հայ աստղեր» մանկապատանեկան եւ «Գուսան» մեծահասակներու երգչախումբերը հանդիսատեսին պարգեւեցին երաժշտական այնպիսի տօն մը, որ երկար պիտի շարունակէ ապրիլ ներկաներու յիշողութեան մէջ։
Ամբողջ երեկոյի ընթացքին հանդիսատեսը վայելեց բարձրարժէք եւ յիշարժան երաժշտական հանդիսութիւն մը։ Ծրագիրը հարուստ էր ու ճոխ՝ ընդգրկելով մանկական երգեր, խմբերգային ստեղծագործութիւններ, ժողովրդական գոհարներ եւ ժամանակակից մշակումներ։ Երգացանկին ընտրութիւնը վկայութիւնն էր կազմակերպիչներուն գեղարուեստական ճաշակին, լուրջ նախապատրաստութեան եւ մշակութային պատասխանատուութեան։
Երեկոյին յատուկ փայլ եւ հարազատութիւն հաղորդեց հանդիսավար Սարին Փօլատեան-Աբիկեանը, որ ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ երգին՝ մարդկային հոգիին մէջ արթնցուցած բազմաբնոյթ զգացումներուն։
Ան դիտել տուաւ, որ Համազգայինի «Հայ աստղեր» եւ «Գուսան» երգչախումբերը կրկին անգամ կը ներկայանան հանրութեան՝ նոր եռանդով եւ նոր գոյներով։ Համազգայինը, ամէնայն բծախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ հայ մշակոյթը պահպանելու եւ զարգացնելու սրբազան գործին»։ Հանդիսավարը յիշեցուց Նիկոլ Աղբալեանի նշանաւոր խօսքը. «Պէտք է արմատացնել հայ մշակոյթը հայ ժողովուրդին մէջ, որպէսզի ան կարենայ ապրիլ իբրեւ ուրոյն ազգ»։ Այս խօսքերով ան շեշտեց հայ մշակոյթի կենսական նշանակութիւնը ազգային գոյատեւման ու ինքնութեան պահպանման մէջ։
Փոքրիկները բեմ հրաւիրելէ առաջ հանդիսավարը խօսեցաւ երգերուն պարգեւած զգացումներուն մասին՝ նշելով, թէ այդ երեկոյ հանդիսատեսը պիտի ապրի այդ բոլոր յոյզերը երգացանկին ընդմէջէն։ Անոնք երգեր են, որոնք ժամանակի ընթացքին կը շարունակեն ծաղկիլ ու ներշնչել սերունդէ սերունդ։
Նախ բեմ բարձրացան փոքրիկները։ Իւրաքանչիւր մանուկ կարծես իրեն հետ բերած էր լուսաւոր շող մը։ Հմուտ խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի առաջնորդութեամբ եւ երաժիշտ Վանիկ Յովհաննէսեանի նուագակցութեամբ սկիզբ առաւ երաժշտական երեկոն։
«Հայերէն երգեր» խորագիրով առաջին ներկայացումէն սկսեալ, «Հայ աստղեր»-ու Ա., Բ. եւ Գ. խումբերուն կատարմամբ հնչեցին «Հայաստան», «Կչկչան հաւիկը», «Անձրեւ», «Բարեւ անտառ», «Կապոյտ երկինք», «Գիշեր», «Հայրենիքի ճամբաներով», «Մի երազ», «Արեւի ժպիտը», իսկ Արեւ Խաչատուրեանի նրբազգաց մեկնաբանութեամբ՝ «Մանկութիւն» երգը առանձնայատուկ ջերմութիւն հաղորդեց մթնոլորտին։
Այնուհետեւ հնչեցին «Խաղաղ երկինք» եւ այլ մանկական երգեր, որոնք փոքրիկներուն մաքուր ու զուլալ ձայներով կը լեցնէին սրահը յոյսով, անմեղութեամբ եւ կենսախնդութեամբ։
Պատանեկան ձայները միացան անոնց՝ ներկայացնելով «Նազանի», «Դէպի գալիք», «Առաջին սիրոյ երգ», «Հայաստան» եւ «Իմ Հայաստան» ստեղծագործութիւնները։ Մեներգողներ Փաթիլ Սարգիսեանի եւ Լիլիթ Նաճարեանի գեղեցիկ ձայները, արուեստագէտ դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեանի հմուտ նուագակցութեան հետ, ստեղծեցին երաժշտական ներդաշնակութեան այնպիսի նուրբ հիւսուածք մը, ուր ամէն նօթ կը թրթռար զգացումներու ջերմութեամբ։
«Հայ աստղեր»-ու երգերուն մեծամասնութեան ձայնաւորումները կը կրէին երաժիշտ եւ դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեանի մասնագիտական ձեռագիրը։
Տասը վայրկեան տեւած ընդմիջումէն ետք, դարձեալ բեմ բարձրացաւ հանդիսավար Սարին Փօլատեան-Աբիկեան եւ իր բանաստեղծական ոճով աւետեց երեկոյին երկրորդ բաժինը. «Երբ այս երեկոյի շունչը կը փոխուի եւ մանկութեան ու պատանեկութեան լուսաւոր աշխարհէն կը տեղափոխուինք աւելի խոհուն ու արմատաւորուած երաժշտական արտայայտութեան ոլորտ, կը բացուի հայկական երգի աւանդական եւ դասական աշխարհը՝ «Գուսան» երգչախումբի ներկայացումով...»։
Վարագոյրը բացուեցաւ, եւ մեր առջեւ յայտնուեցան «Գուսան» երգչախումբի շնորհալի անդամները, պատրաստ՝ թեւ ու թռիչք տալու հայկական տասներեք գեղեցիկ երգերու։
«Գուսան» մեծահասակներու երգչախումբը իր հարուստ ու հնչեղ մեկնաբանութիւններով հանդիսատեսը տարաւ երաժշտական ճամբորդութեան մը։ Հռիփսիմէ Թովմասեանի փորձառու ղեկավարութեամբ եւ դաշնակահար Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեանի նրբազգաց նուագակցութեամբ՝ հնչեցին խմբերգեր եւ մեներգեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատմէր սիրոյ, կարօտի, յիշողութեան եւ ազգային հպարտութեան իր պատմութիւնը։
Մենակատարներու կատարումները մերթ կը յուզէին, մերթ կը խանդավառէին եւ մերթ ալ կը տանէին հանդիսատեսը ներքին խորհրդածութեան խաղաղ աշխարհներ։
Ծրագիրը հարուստ էր ու բազմերանգ։ Հնչեցին հայկական ժողովրդական եւ հեղինակային երգեր, որոնց շարքին էին «Ջան Հայաստան», «Եարիմօ», «Սիրոյ ամառ»՝ Վանիկ Յովհաննէսեանի ձայնաւորումով եւ Ռազմիկ Կարպուշեանի տպաւորիչ մենակատարութեամբ, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» երգը։
Յատուկ ուշադրութիւն գրաւեցին Խաչատուր Աւետիսեանի ստեղծագործութիւնները՝ «Սեւ աչքերով աղջիկ» եւ Նշան Փափազեանի գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ հնչած «Սիրուս կը սպասեմ» երգերը, որոնք այդ երեկոյ առանձնայատուկ խորհուրդ ունէին, քանի որ այս տարին կը նշուէր մեծանուն երաժիշտ Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան հարիւրամեակը։ Հաղորդավարը անդրադարձաւ այդ հանգամանքին, իսկ հանդիսատեսը ջերմ ծափողջոյններով արտայայտեց իր գնահատանքը։
Բարսեղ Կանաչեանի մշակած ժողովրդական «Նարօ» երգը անուշ հնչողութեամբ տարաւ ներկաները հայրենի աշխարհ, ուր սիրահար երիտասարդը իր սէրը կ'երգէր Նարոյին։
«Գարնան թեւերով» երգէն ետք հնչեցին «Ասում են ուռին» եւ «Ափսոսանք» ստեղծագործութիւնները, որոնք Մարինէ Շահինեանի նրբագեղ ու արտայայտիչ ձայնով բառացիօրէն գերեցին ներկաները։
Սեւակ Յարութիւնեանի հզօր եւ կուռ կատարումով ներկայացուած «Հայաստան իմ չքնաղ» երգը ստեղծեց բացառիկ խանդավառութիւն։ Սրահը երկար ժամանակ թնդաց ծափողջոյններով եւ հիացումի արտայայտութիւններով։
Երեկոյին հաճելի անակնկալներէն մէկն ալ եղաւ, երբ պատուոյ գիր շնորհուեցաւ «Գուսան» երգչախումբի հաւատարիմ անդամ Մելինա Մարտիրոսին՝ հայ երգի հանդէպ տարիներ շարունակ ցուցաբերած իր անսակարկ նուիրումին եւ ծառայութեան համար։
Ծրագրի եզրափակիչ բաժինը կազմեցին կենացներու շարքը՝ Թաթուլ Ալթունեանի «Կենաց երգ»-ը եւ Ալեքսէյ Հեքիմեանի «Կենաց երգ»-ը։ Այս երկու ստեղծագործութիւնները իրենց հոգեպարար պարզութեամբ, ազգային խոր շունչով եւ կենսասիրական պատգամով սրահին մէջ ստեղծեցին ջերմիկ մթնոլորտ մը։ Թուեցաւ, թէ այդ մեղեդիներուն հետ բեմ բարձրացած էին նաեւ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը, մշակոյթը եւ դարաւոր հաւաքական յիշողութիւնը։
Այս գեղեցիկ ձեռնարկը Համազգայինի յաջողութիւններու շարքին եւս մէկ արժէքաւոր օղակ էր։ Ան դարձաւ վկայութիւնը մեծ նուիրումի, համբերատար աշխատանքի եւ արուեստի հանդէպ խոր սիրոյ։
Այս յաջողութեան առանցքը, անշուշտ, խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանն էր, որ իր մասնագիտական հմտութեամբ, անսպառ համբերութեամբ եւ նուիրուածութեամբ կրցած է ձեւաւորել կարգապահ, համերաշխ եւ բարձր մակարդակի երաժշտական ընտանիք մը։ Իւրաքանչիւր երգի մատուցումը կը կրէր անոր գեղարուեստական տեսլականը եւ երաժշտական ձեռագիրը։ Երգիչները ոչ միայն ներդաշնակ կը հնչէին, այլեւ կ'արտայայտէին երգերուն հոգին ու զգացական խորութիւնը։ Երեկոյի աւարտին ան արժանաւորապէս գնահատուեցաւ ծաղկեփունջով։
Առանձնայատուկ գնահատանքի արժանացան նաեւ դաշնակահարներ Վանիկ Յովհաննէսեանը եւ Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեանը, որոնց նուրբ զգացողութիւնը, երաժշտական հասունութիւնն ու բարձր վարպետութիւնը ամբողջացուցին երգչախումբերուն ելոյթները։
Այսպիսի ձեռնարկ մը կը պահանջէ ամիսներու տքնաջան աշխատանք, զոհողութիւն եւ նուիրում։ Արդիւնքը, սակայն, յստակ էր ներկաներու դէմքերուն վրայ. սրահը լեցուած էր հիացումով, ուրախութեամբ եւ երկարատեւ ծափողջոյններով։ Այդ ծափահարութիւնները եղան կատարուած աշխատանքի լաւագոյն գնահատականը։
Երեկոն իր հանդիսաւոր աւարտին հասաւ տ. Գարեգին ծվ. Շխրտմեանի պահպանիչով, որ օրհնութեան եւ հոգեւոր ջերմութեան շունչով եզրափակեց այս գեղեցիկ մշակութային տօնը։
«Թեւածող երգեր»-ը դարձաւ ո՛չ միայն տարեկան համերգ մը, այլեւ ազգային մշակոյթի, հայ երգի եւ սերունդներու միասնութեան գեղեցիկ տօնակատարութիւն մը, որ պիտի շարունակէ թեւածել ներկաներու սրտերուն ու յիշողութիւններուն մէջ։
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
***
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2026 (#227) թիւին մէջ: Լուսանկարները՝ Յակոբ Գուզուեանի:
