Հինգշաբթի, 1 Յունիս 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի երկու շրջանաւարտներու թեզի պաշտպանութիւնը:
Արդարեւ, նախքան վկայական ստանալը, իւրաքանչիւր աւարտական աշակերտ պէտք էր ներկայացնէր իր եօթը տարիներու աշխատանքի արդիւնքը այսպէս. տարուան սկիզբը Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէնը, թեքնիք յանձնախումբը, ուսուցիչը եւ աշակերտը համախորհուրդ կ՛ընտրեն նիւթ մը, որուն վրայ պիտի աշխատի աշակերտը ամբողջ տարուան ընթացքին եւ վերջաւորութեան պիտի ներկայացնէ զայն: Այս տարուան բնաբանը Արցախ եւ Հայաստան էր: Տարուան ընթացքին ուսուցիչ-կրթական տնօրէն կը հանդիպին աշակերտին հետ, կը տեսնեն անոր գործը եւ իրենց նկատողութիւնները կը կատարեն սրբագրութեան համար: Իւրաքանչիւր աշակերտ կը պատրաստէ նաեւ իր portfolio-ն:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: