Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Հինգշաբթի, 13 Յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աւարտող աշակերտներու թեզի պաշտպանութիւնը: Դատական կազմի անդամներն էին` Միսաք Թերզեան, Անտրէ Գալֆայեան եւ Ժագլին Օհանեան: