
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Երեքշաբթի, 8 Յուլիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Էսփաս Տատուր» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2024-2025 տարեշրջանի «Ծաղկած կեանք» աշակերտական ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգային Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան մօտ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ներկայացուցիչ Միրա Եարտըմեան, որ նշեց, թէ կերպարուեստի դպրոցը կը գործէ 37 տարիէ ի վեր, եւ որ` մինչեւ օրս տուած է մեծ թիւով արուեստագէտներ, որոնք իրենց յատուկ տեղը ունին լիբանանահայ հասարակութեան մէջ կամ այլուր: Ան աւելցուց, որ դպրոցը ունի իր ակադեմական ծրագիրը` տարիքային փուլերով եւ արհեստավարժ ուսուցիչներով, եւ կը գործէ Հայաստանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիային եւ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, ի մասնաւորի` 12-րդ դասարանի աշակերտներուն ծրագիրներու եւ աշխատանքներու առնչութեամբ:
