
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Ուրբաթ, 12 Յունիս 2026-ին «Էսբաս Տատուր» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2025-2026 տարեշրջանի «Երազանքի կտաւներ» աշակերտական ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան մօտ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ներկայացուցիչ Անդօ Տէր Պօղոսեան, որ նշեց, թէ այս ցուցահանդէսը առիթ է ներկայացնելու ամբողջ տարուան աշխատանքին պտուղները, արժեւորելու աշակերտներուն ջանքերն ու յաջողութիւնները, եւ միաժամանակ քաջալերելու զանոնք` շարունակելու իրենց ստեղծագործական ուղին
