Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Տօնական օրերուն առիթով եւ հոգեւոր պետերու այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, Երկուշաբթի, 3 Փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին հետ:
Շնորհաւորական մաղթանքներ կատարելէ ետք Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեմ Սիմոնեան ներկայացուց Համազգայինի գործունէութիւնը եւ ծրագիրները: Սիմոնեան շեշտեց հայ մշակութային ժառանգութիւնը լիբանանեան հասարակութեան ներկայացնելու կարեւորութիւնը: