
Համազգայինի Լիմասոլի «Դանիէլ Վարուժան» Մասնաճիւղի 2-րդ Տարեկան Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 30 Յունուար 2026-ին։
Քննելէ ետք նախորդ տարուան գործունէութիւնը, Ընդհանուր Ժողովը գտաւ որ շրջանաւարտ Վարչութիւնը գնահատելի աշխատանք տարած է նորաստեղծ մասնաճիւղի դժուարութիւններուն յաղթահարման եւ յատկապէս՝ պատանիներու ամառնային դպրոցի իրագործման մէջ։
Անդամական Ընդհանուր Ժողովը՝ երգչախումբի, թատերական աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ մշակութային այլ աշխատանքներ տանելու եւ համայնքէն ներս աւելի զգալի ներկայութիւն դառնալու առաջադրանքով առաւ համապատասխան որոշումներ։
Ժողովի վերջաւորութեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ վարչութիւն, բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն. Վարդինէ Էթոյեան (Ատենապետ), Անահիտ Սողոմոնեան (Ատենադպիր), Դաւիթ Պալեան (Գանձապահ), Ռուզաննա Կոտիկեան եւ Սեպուհ Արմենակեան:
