Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահ

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կից հաստատուած «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ֆոնտի միջդպրոցական գծագրական մրցանքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2021-ին:
Ֆոնտը հիմնուած է ի յիշատակ Համազգայինի ցուցասրահի բարերար ու արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի եւ կը վայելէ հանգուցեալ բարերարուհիին ընտանիքին հովանաւորութիւնը:
Այս մրցանքը ֆոնտի անդրանիկ նախաձեռնութիւնն էր: Մրցանքին մասնակցեցան լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտները:
Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ եւ բծախնդրութեամբ երկու փուլով` միջնակարգ` ժամը 10:00-12:00, եւ երկրորդական` ժամը 12:00-2:00, կատարեցին իրենց աշխատանքը: