
Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2019-ին, Երեւանի «Խնկօ Ապոր» անուան գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիպում-ցերեկոյթ` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կից ստեղծուած «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի հիմնադրութեան տասնամեակին առիթով: Հանդիպում-ցերեկոյթին կը մասնակցէին հայրենի բոլոր այն արուեստագէտները, որոնք նախորդող տասը տարիներուն ընթացքին համագործակցած էին ցուցասրահին հետ: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Համազգայինի Հայաստանի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը:
Յոբելենական հանդիսութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի հրատարակչատան եւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նախ եւ առաջ անդրադարձաւ ցուցասրահի հիմնադրութեան նպատակներուն եւ անոր անցած տասնամեայ ուղիին: Հաւաթեան իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց ցուցասրահի բարերարներ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ցուցասրահի առաքելութեան ու գործունէութեան: