
Հովանաւորութեամբ Պսալիմ-Մզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան, Հինգշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նշեալ ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ երիտասարդ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսին:
«Վանայ ձայն»-ի արաբերէն բաժինի հաղորդավար Հալա Հատտատ արաբերէնով իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, թէ երազով մեկնարկած տասնամեայ կառոյց մը արդէն վերածուած է արուեստի ընտրանիի հանդիպման վայրի: Տասնամեայ եռանդուն գործունէութեան ընդմէջէն, հարիւր ցուցահանդէսի կազմակերպումէն, աւելի քան 135 արուեստագէտներու հիւրընկալումէն` Լիբանանէն, սփիւռքէն, Հայաստանէն թէ Արցախէն, երիտասարդ արուեստագէտներու քաջալերման նախաձեռնութենէն ետք Համազգայինի արուեստի այս ցուցասրահի տնօրէնութիւնը կը վերանորոգէ իր ուխտը` այս վայրը պահելու իբրեւ կամուրջ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ, յատկապէս` մարդկային, մշակութային ու արուեստի ոլորտներուն մէջ: «Այս կեդրոնը պիտի շարունակէ մնալ վերանորոգ, ինչպէս որ էր` պատգամ բոլոր անոնց համար, որոնք յոյսով կը նային վաղուան», ընդգծեց ան` նշելով, որ ցուցասրահի 10-ամեակին առիթով այսօր երիտասարդ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսի բացումը կը կատարուի, ինչ որ առիթ մը պիտի ըլլայ անոնց սաւառնելու արուեստի յղացքներու մէջ: