Հովանաւորութեամբ Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի «Զէյն» գեղատեսիլ կառոյցին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանան» խորագիրով հաւաքական ցուցահանդէսի բացումը` ներկայութեամբ քաղաքական գործիչներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, արուեստագէտներու, արուեստաբաններու եւ արուեստասէրներու:
Լիբանանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, ցուցահանդէսի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մէյրի Չոլոյեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը երեք տարիներու ընթացքին կազմակերպած է հայ, լիբանանցի թէ օտար վաստակաշատ արուեստագէտներու ցուցահանդէսներ, եւ այսօր, հակառակ շրջանային անապահով պայմաններուն, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:
Չոլոյեան յոյս յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը հետագային կրկնուի, որպէսզի լիբանանցի արուեստագէտներուն միջեւ ստեղծուին յաւելեալ կապեր, եւ լիբանանեան արուեստը զարգացում արձանագրէ:
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի հրատարակչատան եւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ այս ցուցահանդէսը շարժառիթ մըն է ցոյց տալու, որ Պէյրութը քաղաքակրթութիւններու եւ արուեստներու զարգացման մէջ ունի իր կարեւոր դերակատարութիւնը: Ան աւելցուց, որ լիբանանցիները պէտք է պահպանեն Լիբանանի քաղաքակրթական հարստութիւնները:
Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին, որ սիրայօժար ստանձնեց նշեալ ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը: Վերյիշելով վարչապետին «Բոլորս հայրենիքին, բոլորս աշխատանքի» կարգախօսը` Հաւաթեան հաստատեց, որ հայութիւնը էապէս եւ ամբողջովին բոլոր ժամանակներուն ընթացքին հետեւած է նշեալ ուղիին:
Այնուհետեւ, ցուցասրահի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Արմէնեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին յանձնեց գնահատանքի յուշանուէր մը: Այս առիթով, վարչապետը մեծապէս արժեւորեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին օգտաշատ գործունէութիւնը, որ կը նպաստէ արուեստագէտներու քաջալերման, մշակոյթներու միջեւ յարաբերութիւններու կայացման եւ ընդհանրապէս լիբանանեան արուեստի զարգացման:
Միքաթի հաստատեց, որ արուեստը քաղաքակրթութիւններուն միջեւ հաղորդակցութեան լաւագոյն միջոցն է երկրին մէջ առկայ դժուար պայմաններուն մէջ: Ան շեշտեց, որ այնքան ատեն որ նմանօրինակ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին, ապա երկրին ապագան ապահով է եւ կարելի է յաղթահարել դժուարութիւնները:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են լիբանանահայ, լիբանանցի եւ հայրենի 36 արուեստագէտներու գեղանկարներ եւ քանդակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր գեղարուեստական նրբերանգներով, գոյներով, նիւթերով եւ իւրայատկութիւններով իրողապէս կը մարմնաւորէ ցուցահանդէսին խորագիրը:
Ցուցասրահի մուտքին Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը ներկայացուց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Նախ ելոյթ ունեցաւ կիթառահարներու համոյթը` խմբավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, ապա տուտուկով ելոյթ ունեցան Յակոբ Գելուկեան եւ Միսաք Տէր Սարգիսեան:
Աւարտին, Մարինէ Հալլաճեան եւ Դալար Մանճեան ջութակով ներկայացուցին դասական ստեղծագործութիւններ:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 16 Սեպտեմբեր 2012, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 9:00: Ցուցահանդէսին մասնակցող արուեստագէտներն են` Ակոբեան, Աննա Շահնազարեան, Արեւ Պետրոսեան, Արփի Վարդանեան, Արթիւր Ք., Շարպել Սամուէլ Աուն, Շարլ Խուրի, Տատըրեան, Էմմանուէլ Կիրակոսեան, Ֆայսալ Սուլթան, Կակօ, Ժերար Աւետիսեան, Ղասսան Ղազալ, Կիւլեն Տէր Պօղոսեան, Կիւվտեր, Հրայր, Հրաչ Այնթապլեան, Ժաքլին Օհանեան, Ժանեթ Եափուճեան, Ժան Փոլ Կիրակոսեան, Լաւրենտի Աղասեան, Լիւսի Թիւթիւնճեան, Մանուելլա Կիրակոսեան, Միրէյ Կոկիկեան, Միսաք Թերզեան, Նորիկեան, Րաֆֆի Թոքաթլեան, Րաֆֆի Ետալեան, Ռաուֆ Ռիֆայի, Ռազմիկ Պերթիզլեան, Ռոզվարդ Սիսեռեան, Սեդա Պեքարեան, Թորոսեան, Ուիսամ Պէյտուն, Զաւէն Խտըշեան, Զէյնա Պատրան: