
«Ազդակ» օրաթերթ.- Կազմակերպութեամբ «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին, 21 Սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան «Պէյրութ Արթ Ֆեր» ցուցահանդէսին բացումը: Այս տարի «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին մասնակցեցան 23 երկիրներէ 51 ցուցասրահներ եւ մեծ թիւով արուեստագէտներ:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը 5-րդ տարին ըլլալով մասնակցեցաւ «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին եւ ներկայացուց Միսաք Թերզեանի, Կիւլէն Տէր Պօղոսեանի, Ռիթա Հասուանիի, Ղասսան Օուէյսի եւ Մարալ Տէր Պօղոսեանի գործերը:
Արդի կերպարուեստի եւ գեղանկարչութեան զանազան դպրոցներու ստեղծագործական արտայայտութիւններ իրենց դրոշմը դրած էին ցուցահանդէսին վրայ: Պէտք է նշել, որ Համազգայինի տաղաւարը ստեղծեց լայն հետաքրքրութիւն եւ արժանացաւ այցելուներու գնահատանքին:
«Պէյրութ Արթ Ֆեր» ցուցահանդէսի տեւողութիւնն էր 21-24 Սեպտեմբեր 2017: