
«Ազդակ» օրաթերթ.- Կազմակերպութեամբ «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին, 19 Սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան «Պէյրութ Արթ Ֆեր» ցուցահանդէսին բացումը` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Այս տարի «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին մասնակցեցան տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն մեծ թիւով ցուցասրահներ եւ արուեստագէտներ:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը 6-րդ տարին ըլլալով մասնակցեցաւ «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին եւ ներկայացուց Քարլոս Սայատեանի, Միսաք Թերզեանի, Կիւլէն Տէր Պօղոսեանի, Ռիթա Հասուանիի եւՂասսան Օուէյսի նոր գործերը:
Արդի կերպարուեստի եւ գեղանկարչութեան զանազան դպրոցներու ստեղծագործական արտայայտութիւնները իրենց դրոշմը դրած էին ցուցահանդէսին վրայ: Պէտք է նշել, որ Համազգայինի տաղաւարը ստեղծեց լայն հետաքրքրութիւն եւ արժանացաւ այցելուներու գնահատանքին: Վերջիններուն կարգին էին վարչապետ Սաատ Հարիրի, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով տեղացի եւ օտար արուեստի մասնագէտներ եւ արուեստագէտներ:
«Պէյրութ Արթ Ֆեր» ցուցահանդէսի տեւողութիւնն էր 19-23 սեպտեմբեր 2018: