Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահ

«Ազդակ» օրաթերթ.- Կազմակերպութեամբ «Արաբ Արթ Ֆեր»-ին, Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Մոնրօ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ առաջին արաբական արուեստի ցուցահանդէսին բացումը, որուն նպատակն է աջակցիլ արուեստի շուկային եւ արուեստը հասանելի դարձնել բոլորին:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը մասնակցեցաւ «Արաբ Արթ Ֆեր»-ին եւ ներկայացուց հայրենի արուեստագէտներ Քարլոս Սայատեանի, Աշոտ Յարութիւնեանի, Գայ Ղազանչեանի եւ Կակոյի գործերը:
«Արաբ Արթ Ֆեր»-ի ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ Կիրակի, 14 Յուլիս 2019: