13/10/1990 թուականին ծնած միութիւնը 25 տարիներու ընթացքին եկաւ իր կնիքը դնելու Լոնտոնահայ գաղութի կեանքին վրայ: Անցնելով զանազան վերիվայրումներէն այսօր արդէն հաստատ քայլերով առաջ գնացող կայուն ներկայութիւն է:
Այս առթիւ Համազգայինի Լոնտոնի մասնաճիւղը 21 Նոյեմբեր 2015–ին կատարեց իր հիմնադրման 25 ամեակի տօնակատարութիւնը: Երեկոն տեղի ունեցաւՆաւասարդեան Կեդրոնի մէջ հովանաւորութեամբ շրջանիս հոգեւոր Առաջնորդ Հայր Հովակիմ Սրբազան Մանուկեանի, որուն կ՛ընկերանար նաեւ Հայր Մովսես Սարգսեան: Տօնակատարութեան կը մասնակցէր նաեւ Փարիզէն մասնաւոր ժամանած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ – Եւրոպայի Ներկայացուցիչ՝ Աննա Յովհաննէսեան, ՀՀ Դեսպանատան ներկայացուցիչ՝ Հայկ Խեմչեան եւ Համայնքային Խորհուրդի ատենապետ՝ Արա Փալամուտեան: Ներկայ էին համայնքիս զանազան հաստատութիւններու ու միութիւններու վարչութիւններն ու ներկայացուցիչները, երեւելի անձինք ու հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը:
Երեկոն սկսաւ Սրբազան Հօր կողմէ սեղանօրհնութեամբ, ապա ներկաները հրաւիրուեցան համտեսելու պատրաստուած ընթրիքը:
Տօնակատարութեան յայտագիրը բացուած յայտարարուեցաւ օրուան Ալենուշ Գրիգորեանցի կողմէ, որ բարի գալուստի իր խօսքէն ետք հրաւիրեց Համազգային – Լոնտոնի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Պօղոսեանը՝ փոխանցելու վարչութեան խօսքը: Պրն. Պօղոսեան՝ ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի իր խօսքէն ետք, հրաւիրեց ներկաները միասնաբար դիտելու երեք վայրկեան տեւողութեամբ 25 տարիներ առաջ պատկերահանուած ֆիլմ մը, որ կը ցոյց կու տար միութեան հիմնադրութիւնը եւ առաջին վարչութեան անունները: Ապա շարունակելով իր խօսքը պրն. Պօղոսեան ներկայացուց միութեան ընդհանուր նուաճումներն ու դիմագրաած դժուարութիւնները իր կեանքի 25 տարիներուն ընթացքին, շեշտը դնելով առաւել զարկ տալու մշակութային ու կրթական գործին՝ գաղութէս ներս:
Պրն. Պօղոսեանին յաջորդեցին երկու նորահաս պատանիներ՝ Անի Ստեփանեան եւ Նարինէ Բեշիրեան: Անի Ստեփանեան արտասանեց Մուշեղ Իշխանի «Հայ Լեզուն» բանաստեղծութիւնը, իսկ Նարինէ Բեշիրեանը՝ Համօ Սահեանի «Հայաստան»ը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցան շրջանիս Համազգայինի հիմնադիր անդամներէն մէկը եւ մինչեւ վերջերս վարչութեան ատենապետ՝ Հայաստան Վարդանեան: Պրն. Վարդանեան անդրադարձաւ միութեան հիմնադրութեան հանգամանքներուն եւ համազգայնական երկար տարիներու իր յուշերուն մանաւանդ կատարուած աշխատանքին սկզբնական տարիներուն: Իր խօսքի վերջաւորութեան ան կենաց առաջարկեց միութեանը՝ մաղթելով բազում յաջողակ գալիք տարիներ:
Արտա Հալաճեան ընթերցեց վկայութիւններ Համազգայինի կանոնագրէն ու միութեան հիմնադիր նախահայրերէն Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի արտայայտած միտքերէն, ապա գեղեցիկ կատարողութեամբ ներկայացուց գրագէտ Շաւարշ Նարդունիի «Կարօտ Հայոց Լեզուին» խորագրով գրութիւնը:
Հերթը հասնելով երաժշտութեան, Լիլիթ Նահապետեանի դաշնամուրի կատարողոթեամբ հնչեց հայրենի նուագահան Առնօ Պապաջանեանի յօրինած կտորներէն:
Երաժշտութեան յաջորդեց տեղւոյս ՀՀ Դեսպանատան ներկայացուցիչ Հայկ Խեմչեանի շնորհաւորական խօսքը մասնաւորապէս կանգ առնելով տարիներու ընթացքին Դեսպանատան եւ շրջանիս Համազգային միութեան միջեւ տեղի ունեցած համագործակցութեան վրայ:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ – Եւրոպայի ներկայացուցիչ՝ Աննա Յովհաննէսեան փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը այս առթիւ, մաղթելով միութեան նորանոր յաջողութիւններ Հայ մշակոյթի եւ հայեցի կրթութեան գործի առնչութեամբ՝ ի նպաստ Լոնտոնի մէջ ծնած ու մեծցած մեր նոր սերունդին:
Վերջապէս ծրագրուած յայտագիրը հասաւ իր աւարտին Հայր Հովակիմ Սրբազան Մանուկեանի օրհնանքի բովանդակալից ու քաջալերական խօսքով, որմէ ետք ներս բերուեցաւ 25 ամեակը խորհրդանշող կարկանդակը: Ապա հրաւիրուեցան Հայաստան Վարդանեան՝ իբրեւ միութեան աւագ անդամ, եւ ձեռնարկին մասնակցող ամենակրտսեր երկու անդամներ՝ Անի Ստեփանեան եւ Նարինէ Բեշիրեան, կտրելու կարկանդակը: Կ'արժէ յիշել որ համեղ կարկանդակը՝ միութեանս կողքին մշտապէս կանգնած Մարինա Աւագեանի ձեռքի գործն էր:
Յայտագրի ընթացքին օրուան խօսնակ Ալենուշ Գրիգորեանց զանազան առիթներով վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք 25 տարիներու ընթացքին մշտապէս եղած են միութեան կողքին, իրենց թանկագին նեցուկը բերելով նիւթապէս եւ բարոյապէս:
Ձեռնարկի ընթացքին եղան զանազան նիւթական մեծ ու փոքր նուիրատուութիններ, որոնք յայտարարուեցան տեղւոյն վրայ:
Պարտաւորիչ այս մթնոլորտով միութեան պատասխանատուները ձեռնարկի ընթացքին զանազան առիթներով խոստացան նոր զարկ տալ մշակութային ու կրթական աշխատանքին ի շահ համայն լոնտոնահայութեան ու մանաւանդ նորահաս երիտասարդ սերունդին:
Լոնտոն
23/11/2015