
«ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է»,- ՇԵՇՏԵՑԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՂՆԵՐԸ:
Կազմակերպութեամբ Հայկազեան Համալսարանի տնօրէնութեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, տեղի ունեցաւ ուսանողութեան հետ հանդիպում մը, որուն ընթացքին վերահաստատուեցաւ շարունակականութիւնը Համազգային-Հայկազեան երկարամեայ գործակցութեան՝ սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու։ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ ուսուցիչի տագնապին եւ նման ծրագիրներու անհրաժեշտութեան։ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, ուրախութեամբ յայտնեց, որ տասնամեակէ մը աւելի այս գործակցութիւնը կը շարունակուի, եւ արգասաբեր արդիւնքները սկսած են ամենուրէք տարածուիլ։ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան, հակիրճ կերպով բացատրեց Համազգայինի հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու ծրագիրը եւ 7 տարուան կրթաթոշակի ամբողջական տրամադրումը այն ուսանողներուն, որոնք ունին փափաքը հայերէնի ուսուցիչ դառնալու եւ նուիրուածութեամբ աշխատելու։ Գալուստեան բացատրեց, որ թեկնածուն իր բնակած երկրին մէջ, աւարտելէ ետք հայկական վարժարանը, 3 տարի պիտի ուսանի մանկավարժութիւն, 1 տարի պիտի հետեւի ուսուցիչի պատրաստութեան յատուկ ծրագիրի, ապա պիտի մեկնի Երեւան եւ 2 տարի Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ հետեւի հայագիտութեան ճիւղին։ Այսպիսով ուսանողը կ'ունենայ մանկավարժութեան BA, ուսուցչութեան վկայագիր (teaching diploma) եւ հայագիտութեան MA։ Այս ընթացքին շաբաթական դրութեամբ ան առցանց կը հետեւի նաեւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան նիւթերուն մասնագէտ ուսուցիչի հետ։ Այս բոլոր ծախսերը՝ ներառեալ կրթաթոշակ, օդանաւի տարեկան մէկ տոմս, Հայաստանի մէջ կեցութիւն եւ ապրուստ, կը հոգայ Կեդրոնական Վարչութիւնը։ Այս ամբողջ ճամբան կտրած եւ յաջողութեամբ աւարտած ուսուցիչ Սարգիս Եագուպեան իր անձնական վկայութեամբ հաստատեց, որ այս օրերուս աւելի քան անհրաժեշտ է հայերէնի ուսուցիչին դերը ոչ միայն հայերէն լեզուն լաւապէս սորվեցնելու, այլեւ հայութեան հոգիին վրայ օրըստօրէ կուտակուող պարտութեան ոգին փարատելու եւ հզօրացնելու գործին մէջ։ Ան իր կարգին թելադրեց ուսանողներուն, որ չվարանին եւ համոզումով լծուին աշխատանքի, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց զոյգ հաստատութիւններուն այս առիթը իրեն ընծայելու համար։ Սարգիս Եագուպեան աւարտած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը եւ 6 ամեայ ուսումը ամբողջացնելէ ետք ներկայիս կը պաշտօնավարէ իր դպրոցին մէջ։
Համագործակցութեան աւելի քան տասնամեակի մը առիթով Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոթսեան յուշանուէր մը յանձնեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։