
24 – 25 Հոկտեմբեր 2025-ի շաբաթավերջին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան նստավայր Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Վարչութեանս լիագումար նիստը, մասնակցութեամբ բոլոր անդամներուն եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան մօտ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Բագրատունիի։ Հեռանիստ ընկերները մասնակցեցան առցանց։
Ժողովին քննուեցան Համազգայինի կաոոյցներուն, հաստատութիւններուն եւ շրջաններուն ներկայ իրավիճակն ու յառաջիկայ ծրագիրները։ Հանդիպումներ տեղի ունեցան Ճեմարաններու, կրթական այլ օճախներու, հրատարակչականի, հաստատութիւններու, Երեւանի, Արցախի եւ Գիւմրիի գրասենեակներու տնօրէններուն հետ եւ յառաջիկայ ութ ամիսներուն ծրագրուած աշխատանքը քննուեցաւ եւ ճշդուեցաւ, համապատասխան պիւտճէով։ Յատուկ շեշտ դրուեցաւ կրթական, քարոզչական, հրատարակչական գործունէութեան եւ երիտասարդներու ուղղուած զանազան ծրագիրներուն վրայ։ Համազգայինի 10-րդ Պատգամաւորական ժողովի բացումը պիտի կատարուի Երեւան, միութեանս հիմնադրութեան 98-ամեակին եւ Հայաստանի անկախութեան 108-ամեակին օրը՝ 28 Մայիս 2026-ին։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 28 Հոկտեմբեր 2025
