
Երկուշաբթի, 13 Ապրիլ 2026-ին, Իսի Լէ Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարան այցելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Զաքար Քէշիշեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Արեւմտեան Ամերիկայի ներկայացուցիչ՝ Տիգրան Պապիկեան։
Այցելուները մօտէն ծանօթացան վարժարանի աշխատանքներուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, անոր կրթական ծրագիրին, հայերէնի դասաւանդման եւ հայկական մշակոյթի ու աւանդութիւններու փոխանցման ձեւերուն։
Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան անդամները իրենց ողջոյնի խօսքերուն մէջ բարձր գնահատեցին Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի տարած աշխատանքը, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ ծնողներուն ճիգերը՝ հայ դպրոցը սփիւռքեան դժուար պայմաններուն մէջ կանգուն պահելու, ինչպէս նաեւ, անոնք բեղմնաւոր եւ յաջողութիւններով լի աշխատանք մաղթեցին վարժարանի բոլոր ծրագիրներուն։
