2013 Դեկտեմբերի սկիզբը, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի շրջան այցելեցին «Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութենէն երեք անդամներ` Կարօ Պայթարեան (Լիբանան), Վիգէն Եագուպեան (Գալիֆորնիա) եւ Սիմոն Հասըրճեան (Գանատա), որոնք զանազան հանդիպումներ կատարեցին, գաղութէն ներս գործող ազգային հաստատութիւններու եւ հիմնարկներու հետ:
Երեքշաբթի Դեկտեմբեր 10-ին, «Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Նիւ Եորքի Հայոց Առաջնորդարան եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանին հետ:
Այս առթիւ, յատկապէս արծարծուեցան կրթական, մշակութային եւ ընդհանրապէս մշակութային ոլորտէն ներս նիւթեր եւ հարցեր: