Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Չորեքշաբթի, 23 Յունուարի երեկոյեան ժամը 6:30ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ Համազգայինի հիմնադրութեան 80ամեակին առիթով:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավար Արին Գալուստեան, որ հաստատեց, թէ հակառակ Համազգայինի 80 տարեկան ըլլալուն, ան տակաւին երիտասարդ կը մնայ՝ աւելցնելով, որ հայ մշակոյթի եւ դպրութեան ծառայութեան մէջ միութեան երկար տարիներու գործունէութիւնը կը վկայէ այս իրողութիւնը: Արին Գալուստեան յայտնեց, թէ սոյն ասուլիսին պիտի ներկայացուին 2008 տարուան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան ընդհանուր գիծերը:
Այնուհետեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան խօսք առնելով յայտարարեց, որ հակառակ երկրին մէջ տիրող կացութեան, Համազգայինը կը շարունակէ իր շինարարական աշխատանքները: Ան նկատել տուաւ, որ ներկայ Կեդրոնական վարչութիւնը նշանակած է քարոզչական յանձնախումբ մը, որ աննախընթաց է Համազգայինի մէջ:
«Երբ մենք քարոզչական յանձնախումբ կը կազմենք, մենք յանձնառու ենք նաեւ այդ քարոզչութիւնը կատարելու ճշմարտութեան, առարկայականութեան սահմաններուն մէջ», հաստատեց Մկրտիչ Մկրտիչեան:
Այնուհետեւ Արին Գալուստեան կարդաց միութեան հիմնադրութեան 80ամեակին առիթով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը (տեսնել կողքի սիւնակներով):
Ապա Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարտիկ Տէմիրճեան ներկայացուց 80ամեակին առիթով նախատեսուած ձեռնարկները: Ամբողջ տարուան մը վրայ երկարող գործունէութիւնը կþամփոփուի հետեւեալ կէտերուն մէջ:
- Ներկայ մամլոյ ասուլիսը, որ մեկնարկն է 80ամեակի ծրագիրներուն. կայքէջի դրութեան արդիականացում. լոկոյի որդեգրում՝ ամբողջ տարուան տեւողութեան:
- Երկլեզու գրքոյկի եւ «Տի. Վի. Տի.»ի պատրաստութիւն՝ Համազգայինի գործունէութիւնը ներկայացնող:
- «Հայլուր»էն հաղորդումի պատրաստութիւն. այս հաղորդումը պիտի ընդգրկէ յատկապէս Հայաստանի մէջ Համազգայինի գործունէութեան անցնող 17 տարին:
- 15 Փետրուարին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Համաստեղի նուիրուած գիտաժողով (Կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր ծրագիրը կը ներառէ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան դէմքեր ներկայացնել Հայաստանի մէջ): Սոյն գիտաժողովին զեկուցումները յատուկ գիրքով պիտի հրատարակուին:
- 5-25 Մարտի միջեւ հայրենի դերասան եւ բեմադրիչ Վարդան Պետրոսեանի շրջապտոյտ՝ յատկապէս Լիբանան եւ Միջին Արեւելքի երկիրներ, ինչպէս նաեւ Կիպրոս, Փարիզ եւ Լոնտոն: Պիտի ներկայացուի «Վերելք» մենաներկայացումը:
- 20-25 Մարտ միջին արեւելեան երկիրներու պարախումբերու փառատօն՝ Լիբանանի մէջ:
- Մայիսի կէսերուն կը նախատեսուի կազմակերպել 80ամեակի գլխաւոր հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին Համազգայինի շքանշանով պիտի պատուուին այն անձերը, որոնք Համազգայինի եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին մէջ ունեցած են կարեւոր ներդրում:
- Ճաշկերոյթ - պարահանդէս՝ ի նպաստ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի:
- Հայաստանի մէջ Լեւոն Շանթի նուիրուած գիտաժողով՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն մտաւորականներու ներկայութեամբ: Գիտաժողովի օրերուն պիտի հրատարակուին Լեւոն Շանթի ամբողջական գործերը:
- Հայաստանի մէջ Համազգայինի հրատարակութիւններու ցուցահանդէս:
- «Արեւմտահայ գրականութեան ծաղկաքաղեր»ու 2 հատորներու հրատարակութիւն, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրողներու ներկայացում՝ հայրենի զանգուածներուն:
- Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն՝ Արա Մալիքեանի նուագահանդէսներու շարք մը:
- Նամակներ ուղարկուած են սփիւռքահայ եւ հայաստանցի մտաւորականներու, որ Համազգայինի, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթին մասին իրենց յօդուածները, ուսումնասիրութիւնները, յուշերը, մտորումները փոխանցեն, որպէսզի մամուլին մէջ մթնոլորտ մը ստեղծուի՝ Համազգայինի եւ մշակութային հարցերու գծով ուսումնասիրութիւններու ծիրին մէջ:
- Կը նախատեսուի կազմակերպել նաեւ գիտաժողով մը՝ նուիրուած արեւմտահայ նշանաւոր վիպագիր եւ գրաքննադատ Յակոբ Օշականին:
Մարտիկ Տէմիրճեան յայտնեց, որ անկախ յիշեալ ծրագիրներէն, կան նաեւ հետեւեալ աշխատանքները.
- Նշանաւոր գրողներու ձեռագիրները մէկտեղել եւ մասնագիտական գրասենեակի վերածելով ունենալ պատրաստ գրադարան, թանգարան:
- Միացեալ Նահանգներու մէջ ունենալ գրասենեակ՝ Կեդրոնական վարչութեան համար, որպէսզի մշակութային գործերը կարգաւորէ:
- «Բագին» պարբերաթերթը իր թիւերէն մէկը պիտի նուիրէ 80ամեակին:
Այնուհետեւ մանրամասնօրէն ներկայացուեցաւ Համազգայինի կայքէջը, որ երկլեզու է՝ անգլերէն եւ հայերէն (www.hamazkayin.com)