
«Ազդակ».- Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Լիբանանի մէջ ունեցած իր լիագումար նիստերէն ետք այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան յառաջիկայ ծրագրային առաջնահերթութիւններն ու աշխատանքային ուղեգիծը:
Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Համազգայինի կատարած կրթական ու մշակութային գործունէութեան: Ան ողջունեց Մարսէյի ճեմարանը նոր կառոյցներով ընդարձակելու Համազգայինի կարեւոր իրագործումը: Խօսելով մշակոյթի մարզէն ներս Համազգայինի դերակատարութեան մասին Արամ Ա. կաթողիկոս ներկայ ժամանակներու աւելի քան երբեք, առանցքային համարեց անոր աշխատանքը, երբ հայ կեանքէն ներս սկսած են նահանջել մեր մշակութային արժէքները: «Հայու ինքնութեան պահպանման մեր պայքարին մէջ կենսական է մշակոյթը: Մեր մշակոյթին պահապանն ու առաքեալը դարձած է Համազգայինը` Հայ եկեղեցւոյ կողքին», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ան նաեւ անդրադարձաւ տասնամեակներու վրայ տարածուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Համազգայինի միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան եւ շեշտեց այդ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարեւորութիւնը` հայակերտումի, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ մշակոյթի այլ կալուածներէն ներս: