Համազգայինի Կիպրոսի Կազմի Ա․ Ներկայացուցչական Ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Յունուար 2025-ին, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեանի։
Պաշտօնական բացման նիստին ներկայ գտնուեցան եւ ողջոյնի խօսքերով յաջողութիւն մաղթեցին Կիպրոսի Թեմին Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ․ Կոմիտաս Արք․ Օհանեանը, Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, Լիմասոլի եւ Պաֆոսի Հոգեւոր Հովիւ Տ․ Յովհաննէս Ծ․ Վարդ․ Սաղտըճեանը, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի Վարչութեան ատենապետ Սարհատ Տէմիրճեանը եւ ՀՕՄ-ի Կիպրոսի Վարչութեան ատենապետ Շուշիկ Պաքալեանը։
Ապա, Նիկոսիայի «Յակոբ Օշական» եւ Լիմասոլի նորակազմ «Դանիէլ Վարուժան» Մասնաճիւղերու եւ Պարի Միաւորի ներկայացուցիչները օրակարգի հարցերը քննարկեցին եւ որոշումներ առին Կիպրոսի մէջ Համազգայինի գործունէութեան բարելաւման ու ընդարձակման վերաբերեալ, կեդրոնանալով հայկական պարարուեստի, թատրոնի եւ գեղարուեստի այլ ոլորտներու դասընթացքներու եւ ձեռնարկներու միջոցներով երիտասարդութեան ձեռք երկարելու հրամայականին վրայ։
Վերջաւորութեան ընտրուեցաւ հնգանդամ Մեկուսի Վարչութիւն, բաղկացած Արթօ Դաւիթեանէն (ատենապետ), Վարդենի Կոստանեանէն (ատենադպիր), Կարպիս Ֆերահեանէն (գանձապահ), Նայիրի Մուրատեանէն եւ Սիմոն Այնէճեանէն։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ