
Համազգայինի Կիպրոսի մեկուսի կազմի 23-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 5 Յուլիս 2023-ին ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ։
Քննելէ ետք նախորդ տարուան գործունէութիւնը, Ընդհանուր Ժողովը գտաւ որ շրջանաւարտ Վարչութիւնը գնահատելի ու արդիւնաւոր աշխատանք տարած է մասնաճիւղի գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն, յատկապէս պարախումբերու տարեկան ելոյթին եւ «Հեքիաթ» Թատերական Աշխատանոցի կազմութեան մէջ։
Ընդհանուր Ժողովը՝ «Սիփան», «Կիլիկիա» եւ «Անի» Պարախումբերու, թատերական աշխատանքներու, Մշակութային Երեկոներու եւ Պաֆոսի, Լիմասոլի ու Լառնաքայի համայնքներուն մէջ աշխատանք տանելու կապակցութեամբ եւ այս գործունէութիւնը ընդլայնելու եւ դէպի երիտասարդութիւնը բացուելու առաջադրանքով առաւ համապատասխան որոշումներ:
Ժողովի վերջաւորութեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ վարչութիւն, բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն. Արթօ Դաւիթեան, Սիւզաննա Նազարեան, Ճորճ Թորոսեան, Արմէն Պաքալեան եւ Վարդուկ Սարգսեան: