Համազգայինի Կոմիտաս մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Մեսրոպ Մաշտոց -Մատթէոսեան վարժարանը միասնաբար Մէլպուրնի Համազգայինի յիսնամեակի առիթով կազմակերպեցին գեղարուեստական երեկոյ մը:
Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 4-ին արդէն իսկ Մէլպուրնահայութիւնը հապճեպով կը փութար դէպի Հայ Կեդրոն: Բացման խօսքը կատարեց Գէորգ Գրոզեան: Այնուհետեւ Ժանէթ Արամեան կարդաց Համազգայինի պատմականը՝ Համազգայինի հիմնադրութիւնէն սկսեալ մինչեւ Աւստրալիա՝ Սիտնի եւ ապա՝ Մէլպուրն. ան անդրադարձաւ Համազգայինի Կրթական եւ Մշակութային կարեւոր գործունէութեան: Մէլպուրնի մէջ համազգայինը 50 տարիներու ընթացքին գործած է եւ կը շարունակէ գործել իբր Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, իր հովանիին տակ ընդգրկելով Մեսրոպ Մաշտոց- Մատթէոսեան շաբաթօրեայ վարժարանը, ուրկէ անցնելով հարիւրաւոր հայ ազգի զաւակներ ծանօթացած են հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին. անոնք միութիւներու եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու ճամբով իրենց ծառայութիւնը կը մատուցանեն Հայ կեդրոնի միութեանց յարատեւման աշխատանքներուն: Համազգայինը ունեցած է նաեւ իր թատերախումբը, նուագախումբը եւ պարախումբը: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Համազգայինը իր յիսնամեայ տարիներուն օժտուած է նուիրեալ հայորդիներով, այսօր կուգանք մեր յարգանքի տուրքը մատուցանելու անցեալի ու ներկայի գործող բոլոր ընկերներուն եւ համակիրներուն, իսկ ներկայի գործող ընկեր-ընկերուհիներուն կը մաղթենք յաջողութիւն եւ ուժ՝ շարունակելու բեղուն գործունէութեամբ համազգայինի աշխատանքները, նաեւ կենսունակ պահելու Մեսրոպ Մաշտոց- Մատթէոսեան վարժարանը. փառք ու պատիւ համազգայինի բոլոր ընկեր, ընկերուհիներուն նուիրական աշխատանքին»:
Նախքան յայտագրի երկրորդ բաժինը, բուռն ծափահարութիւններու արժանացան դպրոցի բարերարները՝ Մատթէոսեան ընտանիքը, որոնք այս ուրախ առիթով դաշնամուր մը նուիրեցին Մեսրոպ մաշտոց Մատթէոսեան վարժարանին:
Յայտագրի երկրորդ բաժնի առաջին մասը Ալին Քէյվանեան ընթերցեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեանի խօսքը, որ կը շնորհաւորէր Կոմիտաս մասնաճիւղի 50 ամեակը եւ կը գնահատէր անցեալի ու ներկայի Համազգայինի բոլոր ընկեր-ընկերուհիները, Մեսրոպ Մաշտոց-Մատթէոսեան Վարժարանի անցեալի ու ներկայի տնօրէնները, հոգաբարձուները, ուսուցիչները, որոնց աշխատանքին շնորհիւ այսօր Մէլպուրնի մէջ կը տօնուի Համազգայինի 50 ամեակը:
Յայտագրի աւարտին ընկերուհի Զուարթ վարչութեան եւ դպրոցին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին մասնակցող բոլոր արուեստագէտներուն, որոնք իրենց շնորհալի ձայներով, նուագներով, արտասանութիւններով եւ պարերով ճոխացուցին գեղարուեստական երեկոն, ապա Կոմիտաս մասնաճիւղի վարչութեան անդամները գեղեցիկ վարդերով գնահատեցին արուեստագէտները, դաշնամուրով անոնց նուագակցած Վէնիւս Յարութիւնեանը եւ յանձնախումբի անդամները:
Ներկաները հիւրասիրուեցան ուսուցիչներու եւ ծնողներու պատրաստած համեղ ուտեստեղէններով:
Զվիկ