![](https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2024/07/450186067_488734516865649_3814721627999790508_n.jpg)
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի Միաւորին, Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2024-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը հայկական թատրոնի ակունքներուն մասին, որ ներկայացուց Լիբանանէն ժամանած բեմադրիչ` Վաչէ Ատրունին։
Սոյն դասախօսութեան ներկայ էին Հայագիտական Հիմնարկի Միաւորի անդամները, հիմնարկի տնօրէնուհին, դասախօսները, ուսանողները, ինչպէս նաեւ՝ թատերական արուեստին մօտիկ անձնաւորութիւններ։
Բարի գալուստի հակիրճ խօսք մը արտասանեց միաւորի ատենապետուհի Հուրի Էպլիղաթեան-Մաղաքեան, որ նաեւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսը։
Բեմադրիչը հանգամանօրէն պարզաբանեց թատերական արուեստի սկզբնաւորութիւնը անդրադառնալով նախնադարեան մարդու ստեղծած թատերական մթնոլորտին։ Ապա ան մանրամասնութեամբ բացատրեց յունական թատրոնի կառոյցը, իսկ հայկական թատրոնի սկզբնաւորութիւնը համարեց նախաքրիստոնէական դարերը, յատկապէս՝ Տիգրան Մեծի եւ Արտաւազդի ժամանակաշրջանը։
Շնորհակալութիւն տիար Վաչէ Ատրունիին, որ իր շահեկան դասախօսութեամբ մեծապէս հարստացուց ներկաներուն գիտելիքները։