Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Շաբաթ, 9 Փետրուար 2025-ին, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի Վարչութիւնը կազմակերպեց նախընթրիք «Allegro» ճաշարանէն ներս, ներկայութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան, Հիմնարկի տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին եւ ուսանողներուն։
Հիմնարկի Վարչութեան ատենապետուհի Հուրի Մաղաքեան, վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շեշտեց, թէ` Հայագիտական Հիմնարկը իր Վարչակազմով, ուսուցիչներով եւ ուսանողներով մէկ ընտանիք է։ Ան յաջողութիւն մաղթեց ուսանողներուն։
Այնուհետեւ, ներկաները ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հաւաքին միասնաբար վայելեցին համեղ ճաշերն ու հաճելի ժամանակ անցուցին։