![](https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2024/07/lessons.gif)
27 Յունիս 2024-ի լուսնեակ երեկոյին, ամառնային ջերմ մթնոլորտի մէջ, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը` հայերէն լեզուի «4-րդ սերունդէն՝ 5-րդ» բնաբանով ուսուցման ծրագիրին շրջանաւարտներուն։
Երկամեայ տարեշրջան մը եւս հասաւ իր յաջող աւարտին։
Ծրագիրը սկսած է գործել 2018-էն, զարկ տալով արեւմտահայերէնի պահպանման, որուն գոյատեւումը լուրջ վտանգի տակ է սփիւռքահայ օճախներու մէջ։
Այդպիսի ձեռնարկութիւններ կարծես թէ վահանի դեր կը վարեն, յառաջացնելով հայոց լեզուի զարգացումն ու ծաւալումը, դրսեւորելով հանդերձ Համազգայինի կրթական ու մշակութային առաքելութիւնը։
Ընկերական երեկոյթին ներկայ էր ատենապետուհի Յուլիանա Մանուկեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամներ։ Հակիրճ խօսքով հանդէս եկաւ Վերժին Կարապետեան, որ անվարան ու հոգատար կերպով վարեց դասընթացքները, նշելով ծրագիրին կարեւորութիւնը եւ ողջունելով մասնակիցները` Յառաջացածներու խումբին սաները, որոնք պարտաճանաչութեամբ հետեւեցան դասերուն։
Բացօթեայ վայրին, աստղային բաց երկինքին տակ, 6 նոր «աստղեր» ստացան իրենց արժանավայել վկայականները։ Ջերմ շնորհաւորութիւններ բոլորին: