
Այս տարուան Յունիսի վերջին շաբաթավերջը կարեւոր թուական մը հանդիսացաւ Կիպրոսի Համազգայինին համար, քանի որ Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերուն կազմակերպուեցաւ շրջանի առաջին Հայկական Պարերու Փառատօնը, ուղղուած դէպի տեղական ժողովուրդը։
Փառատօնին մաս առին Հայաստանէն հրաւիրուած երկու պարախումբեր՝ «Փրոֆ Արթ Տանս Սթիւտիօ» ղեկավարութեամբ վաստակաւոր պարուսոյց Տիգրան Մնոյեանի եւ «Ա-Էրա Արթ Սքուլ» ղեկավարութեամբ պարուսոյց Ծովինար Ջիլավեանի։ Իսկ Կիպրոսի Համազգայինէն մասնակցեցան Նիկոսիայի «Սիփան», Պաֆոսի «Անի» եւ Լիմասոլի «Կիլիկիա» պարախումբերը, ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան «Նանօր» պարախումբը։ Փառատօնի ընդհանուր գեղարուեստական ղեկավարն էր պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանը։
Փառատօնը սկսաւ Լառնաքայի մէջ Ուրբաթ, 27 Յունիս 2025-ին, «Ֆինիկուտես» ծովափի բացօդեայ ամփիթատրոնին մէջ, աւելի քան հազար հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, որոնք խանդավառութեամբ հետեւեցան շուրջ երկու ժամ տեւած յայտագրին։
Յաջորդ օրը, Շաբաթ 28 Յունիսին, փառատօնը շարունակուեցաւ Նիկոսիայի «Ակրոպոլիս Փարք» զբօսավայրին մէջ աւելի քան 500 հանսդիսատեսներու ներկայութեամբ, հովանաւորութեամբ Ստրովոլոսի քաղաքապետ Ստաւրոս Ստաւրինիտիսի եւ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի ու ներկայութեամբ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ Հայաստանի դեսպան Տիկ. Իննա Թորգոմեանի։
Իսկ Կիրակի օր, բոլոր խումբերը հրաւիրուած էին Լիմասոլի Ազգագրական Միութեան կազմակերպած պարի միջազգային փառատօնին, հովանաւորութեամբ Լիմասոլի քաղաքապետ Եաննիս Արմեֆտիսի, որ տեղի ունեցաւ ծովափի «Մոլոս» ամփիթատրոնին մէջ։ Հոն դարձեալ յաղթական ելոյթներ ունեցան մեր խումբերը, խելայեղ ծափահարութիւններ խլելով հոծ բազմութենէն։
Վարձքը կատար բոլոր պարողներուն, պատասխանատուներուն եւ օժանդակողներուն։ Յատուկ շնորհակալութիւն պարուսոյցներ Գրիգոր Քէլէշեանին եւ Տիգրան Մնոյեանին, հայկական պարարուեստի երկու տիտաններ, որոնց անխոնջ ջանքերով ու յղացումներով, իրականացաւ այս փառապանծ փառատօնը։
