
Երկար տարիներու վրայ, Յունաստանի Համազգայինի պարային համոյթները աւելի ու աւելի խոր տպաւորութիւն եւ խանդավառութիւն կը ստեղծեն յունահայ իրականութեան մէջ։ Սերունդէ սերունդ փոխանցուող հայ մշակոյթի աւանդը, վերջին երեսուն տարիներուն իր հայադրոշմ աւազանին մէջ մկրտած է հարիւրաւոր պատանիներ ու երիտասարդներ, որոնց սէրն ու հաւատքը հայ պարային արուեստին հանդէպ հայապահպանման օրինակելի ծառայութիւն մըն է՝ ըստ ամենայնի։
Այս տարուան պարային համոյթը աննախընթաց փառատօն մըն էր, հոգիի ու զգացումներու փոթորիկ մը, որ թնդացուց բազմութիւնները, ցոյց տալով հայրենի սուրբ հողէն սկսեալ մինչեւ սփիւռքեան մեծ ու փոքր ոստանները, թէ հայ երիտասարդի ոգեղէն կազմուածքը կ՚ապրի ու կը շնչէ հայրենի օդին ու արեւին կենսատու ուժով։
Հայկական մշակութային ինքնութեան զարթօնք մըն էր, որ վառ պահեց նայիրեան ոգին ու մեր հայրենիքի արեւահամ քաղցր բուրմունքով լիացուց իւրաքանչիւր հայորդիի սիրտը։
Այս զգացումներով ու աւելի, բազմահարիւր հայրենակիցներ վայելեցին հայկական պարի ու երաժշտութեան, գոյնի եւ լոյսի յաջորդական ալիքները, որոնք համակեցին ու ոտքի հանեցին իւրաքանչիւր հայորդի, մեծով ու փոքրով։
