Համազգայինի հիմնադրամներու մարմինը, քննելէ ետք Համազգայինի հիմնադրամներու 2017 տարուան գործառնութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարուելիք յատկացումները, այսու մեր հանրութեան կը տեղեկացնէ, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հետ համախորհուրդ, 2017 տարուան հիմնադրամներու եկամուտներէն կատարած է հետեւեալ յատկացումները, ըստ հիմնադրամներու կանոնագրութիւններով սահմանուած տրամադրութիւններուն: Նշենք, որ իւրաքանչիւր հիմնադրամի մայր գումարին վրայ կուտակուած է եկամուտներէն եկած շահին 25 առ հարիւրը` համաձայն հիմնադրամներու կանոնագրութեան:
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին փոխանցուած է ընդհանուր 59.516 ամ. տոլար, հետեւեալ բաժանումով`
– «Մայք Գալայճեան հիմնադրամ»-էն 798 ամ. տոլար:
- «Աւազանեան հիմնադրամ»-էն 2.091ամ. տոլար:
– «Պահատուր հիմնադրամ»-էն 3.218 ամ. տոլար:
– «Հրաչ Դարբինեան հիմնադրամ»-էն 4.758 ամ. տոլար:
– «Մկրտիչ եւ Քնար Գարագաշեան հիմնադրամ»-էն (յաջողակ եւ կարիքաւոր սաներու յատուկ) 1.720 ամ. տոլար:
– «Արսլանեան Ճեմարանի ապահովութեան հիմնադրամ»-էն 9.603 ամ. տոլար:
«Գուրգէն եւ Մարգրիտ Ասատուրեան կտակ»-էն 37.328 ամ. տոլար։
Վերոյիշեալներէն զատ` սաներու ֆոնտին Միացեալ Նահանգներէն փոխանցուած են նաեւ հետեւեալ հասոյթները.
–«Խաչիկ Իսրայէլեան կտակ»-էն 5.000 ամ. տոլար:
–«Հայ կրթական հիմնարկութեան հիմնադրամ»-էն 3.000 ամ. տոլար:
2.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտ ուսանողներու համալսարանական ուսումին յատկացուած.
– «Զոհրապ Պոսնոյեան հիմնադրամ»-էն 4.000 ամ. տոլար` համալսարանի առաջին տարուան երկու ճեմարանաւարտ ուսանողներու:
3.- Մարսէյի Ճեմարանին
– «Մարսէյի Ճեմարանի ապահովութեան հիմնադրամ»-էն 7.528 ամ. տոլար:
4.- Համազգայինի ուսանողական հաւաքի (Ֆորում) աշխատանքներուն
– «Ուսանողական հաւաքի ապահովութեան հիմնադրամ»-էն 442 ամ. տոլար:
5.- Համազգայինի մանկավարժհայերէնագէտ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրին:
– «Մկրտիչ եւ Ազնիւ Սարգիսեան հիմնադրամ»-էն 3.502 ամ. տոլար:
– «Տոքթ. Լեւոն Գրիգորեան հիմնադրամ»-էն 5.604 ամ. տոլար:
6.- Համազգայինի հրատարակչատան
– «Համազգայինի հրատարակչական հիմնադրամ»-էն 4.564 ամ. տոլար եւ «Պաստրմաճեան հիմնադրամ»-էն 280 ամ. տոլար վերահրատարակելու համար «Աշոտ երկաթ» (հեղինակ՝ Բագրատ Այվազեան) եւ «Լերան ոգին» (հեղինակ՝ Սեւ Ոստի) գիրքերը:
– «Աստղիկ Ալեքսանտրեան հիմնադրամ»-էն 1.401 ամ. տոլար եւ «Գէորգ Կոբարեան հիմնադրամ-էն 875 ամ. տոլար մանկապարտէզի դասագիրքերու պատրաստութեան եւ հրատարակութեան ծախսերու մէկ բաժինի համար:
– «Մազմանեան հիմնադրամ»-էն 1.751 ամ. տոլար եւ «Նիկոլ Աղբալեան հիմնադրամ»-էն 378 ամ. տոլար տպարանի կարիքներու եւ կազմածներու նորգութեան համար:
«Համազգայինի տպարանի հիմնադրամ»-էն 3.184 ամ. տոլար «Յուշեր» (Կարօ Սասունի) հատոր տպագրութեան համար:
7.- «Լալան ու Արան» մանկական խաղերու ծրագիրին`
– «Տոքթ. Պետրոս եւ Յովակիմ Դարբինեան հիմնադրամ»-էն (գրական, մանկավարժական ծրագիրներու յատուկ) 935 ամ. տոլար:
Հարկ է նաեւ նշել, թէ հետեւեալ հիմնադրամներու 2017-ի տրամադրելի գումարները կուտակուած են իրենց մայր գումարին վրայ.-
– «Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեան հիմնադրամ»-էն (Հայաստանի մէջ երիտասարդական ծրագիրներու յատուկ) 1.860 ամ. տոլար:
– «Համազգայինի ապահովութեան Համօ Օհանջանեան հիմնադրամ»` 4.470 ամ. տոլար:
Հետեւաբար 2017 տարուան ընթացքին Համազգայինի հիմնադրամներէն գոյացած է 108.290 ամ. տոլարի ընդհանուր գումար մը, որ տրամադրուած է իւրաքանչիւր հիմնադրամի կանոնագրութեամբ ճշդուած նպատակներու իրագործման:
ՀՀՄ-ը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, որոնք իրենց հաստատած հիմնադրամներուն ճամբով սատար կը հանդիսանան Համազգայինի կրթական եւ մշակութային առաքելութեան իրագործումին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆԵՐՈՒ
ՄԱՐՄԻՆ (ՀՀՄ)
26 Հոկտեմբեր 2018, Պէյրութ