
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի կազմակերպած համահայկական ցուցահանդէս-փառատօնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Հրատարակչատան կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Իզապէլ Տիարպի: Ան նշեց, որ այս ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենար անցեալ տարի` 2024-ին, սակայն Լիբանանի ապահովական ծանր կացութեան պատճառով յետաձգուեցաւ, իսկ այս տարի անով մեկնարկը կը տրուի հրատարակչատան հիմնադրութեան 95-ամեակի նշումին:
Այս առիթով ան անդրադարձաւ երեք հիմնական կէտերու. առաջին` ցուցահանդէսին իւրայատկութիւնը, այն իմաստով, որ համահայկական դիմագիծ կը կրէ, հետագային ծրագիրը կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել եւ ներառել նոր մասնակիցներ: Երկրորդ` ցուցահանդէսը կը կեդրոնանայ 2014-էն մինչեւ այսօր լոյս տեսած հրատարակութիւններուն վրայ: Երրորդ` լիբանանահայ գրեթէ բոլոր վարժարանները ընդառաջած են Համազգայինի հրատարակչատան հրաւէրին եւ ցուցահանդէսին օրերուն հերթաբար այցելեցին: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին` իր ցուցաբերած համայնքային նիւթաբարոյական աջակցութեան համար: Ան աւելցուց, որ այս ցուցահանդէսին առիթով կազմակերպուած է վիճակահանութիւն մը, որմէ տոմս մը իւրաքանչիւր գնումի հետ տրուեցաւ, եւ որուն նուէրը տրամադրուած է Adkom հաստատութենէն, որուն այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Տիարպի:
