
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորի «Նոր Շունչ» խումբին կազմակերպութեամբ եւ ՀՕՄի հիւրընկալութեամբ՝ 22 Նոյեմբեր 2025-ին, Համազգայինի «Արիս Ստամպօլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պատմասացութեան եւ ձեռային աշխատանքի ձեռնարկը՝ առաջնորդութեամբ հեղինակ Մարինէ Չարշաֆճեանի։
Հեղինակը կարդաց իր «Մարալն Ու Հայրիկը Արցախում» մանկական գիրքէն հատուածներ, որմէ ետք, մանուկները առիթը ունեցան ներկելու «Մամիկ եւ Պապիկ»ի կաւով արձանիկներ, զորս պատրաստած է հեղինակը։
